«Հայաստանի Մէջ Վիճակը Պայթունավտանգ Է» Յայտնեց Արմէն Ռուստամեան
Երէկ, Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխան բաժինի ընթացքին` անդրադառնալով Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի այն յայտարարութեան, որ որեւէ ձեւաչափով պատրաստ է նստելու եւ քննարկելու կազային պայմանագիրներու ուսումնասիրման հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ դեռ յստակ չէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «նստիլ, քննարկել»:
«Մենք նախապէս այդքան առաջարկներ կատարեցինք նստիլ-քննարկելու վերաբերեալ, բայց բոլորը մերժուեցան: Յ. Աբրահամեան ի՞նչ նկատի ունի, ես չեմ գիտեր, մենք պատրաստ ենք այսպիսի քննարկումներու, խնդիր չունինք, աւելի լաւ է քայլ առնուի, քան հարցը փակուղի մտնէ: Ժողովուրդին համար կարեւոր հարց է կազի վերաբերող հարցը: Եթէ քաղաքական կամք դրսեւորեն, մենք պատրաստ ենք: Բայց եթէ ատիկա պիտի կատարուի քարոզչական նպատակով, իմաստ չունի, անգամ մը եւս հիասթափութիւն պիտի առաջացնէ»:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ երբ իշխանութիւն ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ ներկայացուած որեւէ առաջարկ կը մերժէ, ժողովուրդը աւելի ու աւելի կը հասկնայ կատարուածը, եւ որ օրակարգին վրայ կը մնայ միայն մէկ հարց` իշխանափոխութիւնը: Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ խնդիրները կուտակուելով եւ հասուննալով իրենց արդիւնքները կու տան հասարակութեան մէջ: Ոչ իշխանական քաղաքական չորս ուժերը իրենց օրակարգէն պիտի չհրաժարին: «Կայ իշխանափոխութեան նպատակ, բայց ինչպէ՞ս հասնիլ անոր, ի՞նչ բովանդակութեամբ, ինչպէ՞ս ընել, որ նոր եկող իշխանութիւնները նոյն սխալները չկրկնեն, ատիկա տակաւին քննարկման հանգրուանի մէջ կը գտնուի: Պէտք է ձեւաւորուի այնպիսի համակարգ մը, որ ժողովրդավարական աւանդոյթները արմատներ նետեն: Այնպէս որ չորս ոչ իշխանական քաղաքական ուժերը կ՛աշխատին իրարու հետ` գտնելու համաձայնութեան եզրեր: Դեռ կան տարակարծութիւններ, բայց եթէ չենք հասած մեծ համաձայնութեան, գոնէ պէտք է առանձին հարցեր գտնել եւ միասին յառաջ շարժիլ, ատիկա արդիւնաւէտ ճամբայ է: Կը փորձենք այդպէս յառաջանալ»:
Իշխանութիւնը, ըստ Ռուստամեանի, ոչ իշխանական ուժերը պառակտելու քարոզչութիւն կը կատարէ, իշխանաւորները ջանք չեն խնայեր այդ միասնութիւնը պառակտելու համար, որովհետեւ ատիկա անոնց ձեռնտու է, ձեռնտու չէ ընդդիմութեան ու հասարակութեան միաւորումը բարեկիրթ եւ յստակ հարցի մը շուրջը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք թէժ գարուն կը սպասուի՞ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը այնպիսին է, որ կացութեան սրումը եղանակային բնոյթ չունի. այս ձմեռն ալ նուազ թէժ չէր, եւ պէտք չէ ատիկա կլիմայական պայմաններուն հետ կապել, հարցերը այնքան կը թէժանան, որ որեւէ պահու կրնան պայթում յառաջացնել: Իշխանութիւնները այդ իրավիճակը չեն տեսներ եւ ամէն բան բնականոն կը նկատեն, աւելցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հաւաքին միանալ-չմիանալու հարցին` Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը որոշում պիտի տայ օրակարգին ծանօթանալէ ետք:

