Արցախի Երիտասարդները ԵԱՀԿ-էն Կը Պահանջեն Հետաքննել Հանդիպման Գիծի Միջադէպերը

Artsakh YouthԱրցախի երիտասարդները ԵԱՀԿ-էն պահանջեցին հետաքննել հանդիպման գիծի միջադէպերը: Ստեփանակերտէն «Նիուզ»-ի թղթակիցը յայտնած է, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք 7 փետրուարին կը գտնուէր Արցախ` մասնակցելու հերթական դիտարկման: Այդ առիթով ՀՅԴ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է շարժում մը, որուն մասնակիցները պահանջած են հետաքննել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հանդիպման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերը:

Ցոյցը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակին առջեւ: Դիտարկումէն ետք Անճէյ Քասփըրչիք  ընդունած  է ցոյցին մասնակիցները, լսած է անոնց պահանջները: Ցուցարարները նամակ յանձնած են դեսպանին:

Share this Article
CATEGORIES