Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լուծելի հարցեր ունիք, որոնք կը կարօտին գումարի մը: Փոխանակ մտահոգուելու` դիմեցէք նման պարագաներու յարմար կարգադրութիւն կատարող հիմնարկի մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործակիցներուն հետ վարուեցէք մեղմ խօսքերով: Ջղային շարժումներ կամ խիստ կեցուածք վանողական մթնոլորտ կը ստեղծեն, գործը կը կաղայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեւոր մտորումները պիտի օգնեն ձեզի` օրուան ծանր թուացող աշխատանքը թեթեւութեամբ կիրարկելու: Համբերութեամբ վարուեցէք դուք ձեզի հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի լսէք քաղցր խօսքեր` վերջերս ձեր կատարած օգտակար գործի մը համար, որ կարեւոր ներդրում մը նկատուած է տուեալ գործունէութեան համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դատական ատեան մը կրնաք հրաւիրուիլ` վկայութիւն մը տալու համար ձեր ներկայութեան կատարուած ապօրինի վերաբերումի մը համար: Ճշմարտութիւնը արտայայտեցէք առանց բարեկամական հաշիւի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը սիրէք մտաւորական աշխատանքը: Ձեզի յանձնուած փոքրահասակ աշակերտներուն հոգեբանութեան հետեւեցէք, որպէսզի յաջողիք ձեր ասպարէզին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շարունակեցէք այն աշխատանքը, զոր ստանձնած էիք: Ձեր միտքը մի՛ փոխէք: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին եւ ոչ` ուրիշներու կարծիքին: Ինքնավստահ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք ընտանեկան եւ ընկերային պարտականութիւններ, զանոնք կատարեցէք առանց խուսափելու, որպէսզի ձեր վարկը փայլուն մնայ ձեր շրջապատին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ զգացումները արտայայտելու մի՛ խուսափիք: Անկեղծութիւնը միշտ կը յաջողի: Սրտով մտածեցէք, կրնաք արժանանալ յարգանքի: Երկմտութիւնը վանեցէք ձեզմէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր որոշած ծրագիրը կարիքը ունի լուրջ սերտողութեան: Կրնաք դիմել նաեւ փորձառու անձերու տեսակէտին: Շուտով որոշում մի՛ տաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր յաջողութիւնը կրնայ նախանձը գրգռել ոմանց: Դուք կը ճանչնաք զանոնք, բայց կարեւորութիւն մի՛ տաք, նոյն ատեն մի՛ արտայայտէք ձեր ծրագիրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թեթեւ գլխացաւ կամ ջերմութիւն կրնաք ունենալ: Մէկ-երկու օր հանգիստ ըրէք տունը, որպէսզի ձեր տկարութիւնը յաղթահարուի: Ուշադիր եղէք:

