50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1964)

Տեղեկութիւններ Հնդկահայերու Մասին.

500 Հայեր Կ՛ապրին Այդ Երկրին Մէջ

Երուսաղէմի միաբաններէն Դաւիթ վրդ. Սահակեան տարիէ մը ի վեր Հնդկաստան կը գտնուէր: Վերադարձած ըլլալով` հայր սուրբը հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները տուած է հնդկահայերու մասին.

– Հնդկահայերուն թիւը կը հասնի 500-ի, որոնց 450-ը ամփոփուած է Կալկաթայի մէջ, մօտաւորապէս 25-ը կ՛ապրի Պոմպէյ, իսկ մնացեալները ցրուած են երկրին զանազան կողմերը: Հնդկահայերը ունին Մարդասիրական Ճեմարանը, 120 աշակերտներով, մեծ մասամբ` Պարսկաստանէն եկած: Այս վարժարանը աւարտելէ ետք կրնան քննութիւն տալ ու Քեմպրիճի համալսարանը մտնել: Այժմ նոր շէնք մը շինելու ծրագիրը ունին վարժարանը ամէն տեսակ յարմարութիւններով օժտելու եւ աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու համար:

Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուին` անգլերէն, հայերէն, պենկալերէն, իսկ Պարսկաստանէն  եկողներուն համար ալ` պարսկերէն: Հայագիտութեան դասախօսն է Ասատուր Կիւզելեան, որ մեծ ջանք կը թափէ: Վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ նաեւ Ռոզ Ամիրխանեան:

Հնդկահայերը եկեղեցասէր են, սակայն` ոչ հայախօս:

Եկեղեցիներ ունինք Կալկաթայի, Պոմպէյի եւ Մատրասի մէջ: Կալկաթայի եկեղեցիի հոգեւոր հովիւն է Պօղոս քահանայ, իսկ Պոմպէյի եկեղեցին պիտի ունենայ իր հովիւը` յանձին Մաշտոց քահանայի, որուն վիզայի գործողութիւնները դեռ չեն ամբողջացած:

Հնդկահայերը ունին նաեւ մարզական միութիւն, Հայկազեան գեղարուեստից ակումբը, ինչպէս նաեւ տիկնանց եւ բարեգործական միութիւններ: Դասախօսութիւնները կը սարքուին Հայկազեան գեղարուեստից ակումբին մէջ, որուն վարիչն է Ասատուր Կիւզելեան:

 

Անհետացող Դէմքեր

Գարեգին Տէվէճեան Նշանաւոր Ձկնաբան`
Մեռաւ 97 Տարեկան Հասակին

Պոլսոյ մէջ անցած յունուար 8-ին մեռած է ծերունազարդ Գարեգին Տէվէճեան, որ անցեալին պետական բարձր պաշտօններով փայլուն, Թուրքիոյ հայ համայնքին անձնաւորութիւններէն մէկը եղած է:

Բնիկ խարբերդցի` ծնած էր հարեւան Էլազիզ հայաբնակ կեդրոնը` 28 փետրուար 1867-ին: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Խարբերդի վարժարաններուն մէջ, ուրկէ անցած էր Պոլիս, 1890-ին, բարձրագոյն ուսման համար եւ անմիջապէս պաշտօնի կանչուած Հանրային պարտուց վարչութեան կողմէ: Գաւառի եւ այլ քաղաքներու մէջ` Տարտանել, Սեբաստիա, Սելանիկ, Պէյրութ, 15 տարի պաշտօնավարելէ եւ իր հմտութեամբ պետական շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւելէ ետք, իրեն կը յանձնուի Պոլսոյ ձկնարանին տեսչութիւնը:

Այնուհետեւ, երիտասարդ եւ միջազգային չափանիշով մասնագէտ` Գարեգին Տէվէճեան կը լծուի իր ծրագրած գործին. արդիական եւ գիտական հիմերու վրայ դնել մինչեւ այն ատեն Թուրքիոյ անգիր եւ նախնական վիճակի մէջ գտնուող ձկնաբանութիւնը, ձկնորսութիւնը եւ ծովու պտուղներուն արդիւնաբերութիւնը:

Հինգ տարի բծախնդիր ուսումնասիրութիւններէ ետք կը շարադրէ «Ձուկ եւ ձկնորսութիւն Թուրքիոյ մէջ» մեծադիր էջերով, պատկերազարդ հատոր մը, որ պատիւ կը բերէ ի՛ր եւ հայ անունին:

Այս գիրքը գլուխ գործոց մը իր տեսակին մէջ, կը պարունակէ պատմական եւ վիճակագրական մանրամասն տեղեկութիւններ: Թուրքիոյ ծովային եւ անուշ ջուրերուն մէջ աճող ու բազմացող ձուկերուն եւ ջրային կենդանիներուն մասին: Ունի բաղդատական հարուստ ցուցակներ ուրիշ երկիրներու ծովու պտուղներուն հետ, մասնագէտ ձկնաբանի հմտութեամբ գրուած նկարագրութիւնը ձուկերու կեանքին, գաղթին, ինչպէս եւ գործնական ճշդումներ ձկնորսութեան յարմարագոյն եղանակներուն եւ վայրերուն, ըստ տեսակին գործադրուելիք որսի միջոցները, նախընտրելի գործիքները, եւ մասնագիտական կարեւոր այլ տուեալներ: Հատորին վերջաւորութեան կայ ձկնագիտական երկլեզուեան բառարան մը, որ ա՛լ աւելի կ՛արժեւորէ կատարուած աշխատասիրութիւնը:

Շնորհիւ իր հմտութեան եւ մասնագէտի ամուր համբաւին` Գարեգին Տէվէճեան յաջորդաբար կոչուեցաւ Թուրքիոյ Ընդհանուր ձկնարաններու վերին քննիչի, Ձկնորսութեան եւ որսորդութեան տնօրէնի պատասխանատու պաշտօններուն: Եղած է ուսուցիչ, անդամ` կաճառային հիմնարկութեանց եւ մասնագիտական աշխատակից խմբագիր, իր պաշտօնավարած երկրի համայնագիտարանին:

Գարեգին Տէվէճեան երբեմնի Պոլսոյ հին ու ծաղկեալ հայութեան այն դէմքերէն է, որոնք իրենց արժէքաւոր գործունէութեամբ միջազգային պատուոյ արժանի ըրին հայ անունը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )