Իտալական Խումբ Մը 10 Վայրկեանի Ընթացքին 8 Կոլ Նշանակեց… Իր Բերդէն Ներս
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութեան համաձայն, իտալական ֆութպոլը վատ օր մը ապրեցաւ, երբ իտալական խումբ մը, 10 վայրկեանի ընթացքին 8 կոլ նշանակեց… իր բերդէն ներս:
Այս մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պորկաթա Թերենովէն եւ Պակերիան, կ՛իյնայ Քոփա Սիսիլիա մրցումին ծիրին մէջ, որուն կը մասնակցէին երեք խումբեր. երրորդը` Փարթինիքոտասէ:
Մրցումին աւարտէն տասը վայրկեան առաջ Պորկաթա 4-3 արդիւնքով կը յառաջանար Պակերիայի վրայ: Այս վերջինը հաւասարութեան մը պէտք ունէր` յաջորդ հանգրուան անցնելու համար:
Սակայն զարմանալիօրէն, Պորկաթայի մարզիկները իրարու ետեւէ 8 կոլ նշանակեցին իրենց սեփական բերդէն ներս եւ 14-3 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, այժմ անցած է շատ լուրջ աշխատանքի` բացայայտելու այս «հանելուկին» պատճառը, որ բնականաբար սեւ էջ մըն է իտալական ֆութպոլին համար: