Կայտառ ԼՕԽ-ականը
Դարձեալ բաժանում:
Ժպիտ մըն ալ խամրեցաւ ԼՕԽ-ի ընտանիքին մէջ: Գարմենին եռանդուն, աշխուժ եւ կենսունակ ժպիտն էր:
50 տարիներ չբոլորած` Գարմենը արդէն բեղուն գործունէութիւն մը ձգեց իր ետին: Վաղ տարիքէն կուսակցական շարքերը անցած, ամուսնացած, երկու զաւակի տէր Գարմենը ամբողջ հոգուով զոհուած էր իր զաւակներուն կրթութեան` կեանքի դժուարութիւններու դէմ պայքար մղելով: Ան լաւ դիրքերու հասցուց իր զաւակները: Հազիւ զաւակները պատանի` Գարմենը նետուեցաւ ԼՕԽ-ի շրջանակին մէջ, դարձաւ կամաւոր զինուոր` իր սիրած միութեան մէջ: Ան ստանձնեց բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, նաեւ եղաւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի ատենադպրուհի, ապա ատենապետուհի. միեւնոյն ժամանակ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետուհի եւ արդարացուց իրեն վստահուած բոլոր պաշտօնները: Մասնակցեցաւ ԼՕԽ-ի մէկէ աւելի պատգամաւորական ժողովներու եւ ունեցաւ իր օգտաշատ ներդրումը:
Ընկերուհի Գարմենը իր կայտառ էութեամբ եւ անմար ժպիտով կու գար կենդանութեամբ լեցնելու ակումբին կեանքն ու շրջապատը: Ան անդադար գաղափարներ յղանալու ճիգին մէջ էր, միշտ առաջարկներ եւ նորութիւններ կը ներկայացնէր ժողովականներուն, կ՛իրագործէր զանոնք եւ անմիջապէս կ՛անցնէր նոր գաղափարներ փնտռելու աշխատանքին:
Ան կը հաւատար հինին եւ նորին, կը հաւատար զոհողութեան գաղափարին եւ այս համոզումով ան ձեռք կ՛երկարէր բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին օգնութեան:
Իր օգնութիւնը երբեք չզլացող Գարմենին կեանքը զլացաւ տասնեակ մը տարիներ: Անժամանակ մահը զինք խլեց իր անմիջական հարազատներէն, բարեկամներէն, կուսակցութենէն եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն:
Սիրելի՛ Գարմեն, միշտ ժպիտով աշխատեցար եւ ժպիտը դէմքիդ բաժնուեցար բոլորէս: Վարձքդ կատար, յիշատակդ միշտ անմար պիտի մնայ մեր մէջ:
ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

