Պիտի Մնաս Լուռ Ներկայութիւն
Քառասուն օրեր առաջ Գարմեն Ֆէսլեան անդարձ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն, ընկերուհիներէն ու շրջապատէն:
Քառասուն օրեր առաջ, Գարմենը ի՜նչ երազներով, ի՜նչ ծրագիրներով կ՛ապրէր այս երկինքին տակ:
Բարի եւ ազնիւ հոգիի մը տէր էր սիրելի Գարմենը. բնաւորութեամբ շատ մեղմ ու համեստ, առաքինի երկու զաւակներու մայր էր, հաւատարիմ, անկեղծ իր ամուսինին նկատմամբ: Ան իր կեանքին ընթացքին ունեցաւ դժուարութիւններ, սակայն չվհատեցաւ, իր ընտանիքին մթնոլորտը պահեց ջերմ եւ մնաց վեհանձն:
Եղաւ իտէալ մայր, իր մայրական պարտականութիւնը ու զոհողութիւնը ամբողջութեամբ կատարեց` իր զաւակներուն տալով հայեցի դաստիարակութիւն:
Սիրելի՛ Գարմեն, կորուստդ ցնցեց բոլորս: Արդէն անցան 40 օրեր, սակայն տակաւին քու սիրելիներդ ու ընկերուհիներդ արցունքով կը պատմեն քու անկեղծ վերաբերմունքիդ մասին:
Սիրելի՛ս, տակաւին բազմաթիւ պարտականութիւններ ունէիր կատարելիք, երբ յանկարծ քու կեանքիդ թելը կտրուեցաւ, եւ կիսատ մնացին անոնք:
Եղար անձ մը, որ կը սիրէ ուրախութիւն, հաւատարիմ է ու անկեղծ, եղար սիրոյ աղբիւր, գուրգուրանքի ալիք: Դուն միշտ լեցուն էին եռանդով ու կորովով, միշտ սիրեցիր ուրախութիւնը, ճոխութիւնը եւ կեանքը:
Մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցար, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շունչ տուիր, պիտի ապրիս մեր յիշատակներուն, սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, կարօտով պիտի փնտռենք ժպիտդ, խանդավառութիւնդ ու եռանդդ, սակայն պիտի զգանք լուռ ներկայութիւնդ:
Թող ցուրտ հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Գարմեն:
ՍՕՍԻ-ՄԱՐԱԼ

