Ճատրակ. Հայ Խաղացողներուն Մէջ Ամէնէն Բարձր Դիրքը Գրաւեց Սերկէյ Մովսիսեան

Սերկէյ Մովսիսեան
Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի բաց մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 10-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի ազգային հաւաքականին երկրորդ դասուած ողիմպիականի ախոյեան Սերկէյ Մովսիսեան, հայ խաղացողներուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքը գրաւեց` ապահովելով 7 կէտ: Ան հանդիսացաւ 18-րդ, աւելի քան 256 մասնակցողներուն մէջ:
Իսկ մնացեալ հայ խաղացողները, արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները.
Գիգոր-Սեւակ Մխիթարեան` 6 կէտ, 63-րդ, Արմէն Բրուտեան` 5,5 կէտ, 101-րդ եւ վերջապէս, Երազիկ Խաչատուրեան` 4 կէտ, 187-րդ:
Նկատի ունենալով, որ երեք խաղացողներ` Վասիլի Իվանչուք (2737), Նիքիթա Վիթիուքով (2737) եւ Իվան Չեփարինով (2672), ապահովեցին 8-ական կէտ, անոնց միջեւ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի մրցում մը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ ախոյեան հռչակուեցաւ պուլկարացի Չեփարինով:

