Ֆրանսախօս Երկիրներու Ճատրակի Խաղերը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի 2-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Լիբանանի մէջ` 30 մայիսէն 9 յունիս:

Ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի ֆետերասիոնը նշեց, որ բուռն պայքարէ մը ետք Լիբանան յաջողեցաւ յաղթել Թունուզի, որ կը նկատուէր այդ խաղերը հիւրընկալելու կոչուած գլխաւոր թեկնածուն:

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահ Նեպիլ Պատր ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնին պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ մտնելով` վստահեցուց բոլորին, որ Լիբանան ի վիճակի է ճատրակի այս խաղերը լաւապէս հիւրընկալելու, մանաւանդ որ վերջերս տեղի ունեցած միջերկրականեան խաղերուն, Լիբանան արդարացուցած էր իր վրայ դրուած յոյսերը:

Կ՛ակնկալուի, որ ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահ Փաթրիք Վանհաուլընթ նախքան ախոյեանութիւնը այցելէ Լիբանան` մօտէն հետեւելու համար այդ գծով տարուող աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES