Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պըժժէ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 8 փետրուար 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ուր ժամը 17:00-ին պիտի հիւրընկալէ Պըժժէն:

Ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ ՀՄԸՄ օտար դաշտերու վրայ յաջորդաբար խաղացած է Ռիատիի եւ Շանվիլի դէմ:

Այսօրուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով արձանագրել տարեշրջանի առաջին յաղթանակը` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը եւ անոր միջոցով տիրապետութեան տակ առնելով մրցակիցը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նման Պըժժէ եւս ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի, խիտ շարքերով ուղղուիլ «Աղբալեան» մարզահամալիր եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 3-րդ հանգրուանի մնացեալ մրցումներուն ժամանակացոյցը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Մութթահետ – Սաժես 17:00 Սաֆատի
ՀՄԸՄ – Պըժժէ 17:00 Աղբալեան
 

ՎԱՂԸ

   
Ամշիթ – Շանվիլ 17:00 Ամշիթ
Հուփս – Թատամոն 17:00 Միշել Մըր

 

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ` ուրբաթ, 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումը, որ Մանարայի մէջ իրարու դէմ հանեց Ռիատին եւ Պիպլոսը, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 75-69 արդիւնքով:

Մինչ Ռիատի արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Պիպլոս կրեց իր առաջին պարտութիւնը:

Իպրահիմ Ահմատ (Ռիատի) եւ Ճեսմըն Եանկպլատ (Պիպլոս) նշանակեցին 22-ական կէտ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )