ԱՐՄԷՆ ԿԻՒԼՊՈՒՏԱՂԵԱՆՑ ՄԷԿ ՄՐՑՈՒՄՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆետերասիոնի ժողովին որոշուեցաւ Իմփուլսի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանցը մէկ մրցումով կախակայել` նկատի ունենալով, որ Գանձասարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (19 յունիս) կարմիր քարտ մը ստացած էր, երբ յաճախակիօրէն միջամտած էր իրաւարարին տուած որոշումներէն ետք` յայտնապէս դժգոհ մնալով անոր սուլիչէն:

Իսկ Էրեբունի – Դիլիջան ակումբը 50 հազար դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES