ԼԻՊԵՐԹԱՏՈՐԵՍ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՍԱՆԹՈՍ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Տեղի ունեցած կռիւէն

1962-ին եւ 1963-ին Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան հանդիսացած պրազիլական Սանթոս ակումբը երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց բաժակը, երբ Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուրուկուէյցի իր մրցակիցը` Փենարոլը (երթ` 0-0):

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Նէյմար եւ Տանիլօ:

Սակայն մրցումէն ետք դաշտին վրայ պարզուած վիճակը այդքան ալ հաճելի չէր` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերուն մարզիկները իրենց համակիրներով իրարու հետ բախում ունեցան Սան Փաուլոյի մէջ գտնուող Փաքայեմպու դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES