ԴԱՒԻԹ ՄԱՆՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Փիւնիկ Երեւանի միջնապահներէն Դաւիթ Մանոյեան երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:
Շուրջ 2 ամիս առաջ Գերմանիոյ մէջ ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուած Մանոյեան թէեւ Հայաստան վերադառնալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան կարգ մը մրցումներու, սակայն ինքզինք այդքան ալ ի վիճակի չզգալով մեկնեցաւ Գերմանիա, որպէսզի այդտեղ քննութիւններու ենթարկուի եւ յստականայ, թէ ի՛նչ է ճիշդ հարցը:
Այլ գետնի վրայ, Մանոյեանի խմբակիցին` Էտկար Մանուչարեանի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, եւ յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ պիտի վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին վիրաւորուած յառաջապահը ոտքի շատ զօրաւոր ցաւեր կը զգայ:
CATEGORIES Մարզական