ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»- ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՏԵԼ ՓՈԹՐՕ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Արժանթինի թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրին երկու անուանի մարզիկները` Դաւիթ Նալպանտեան եւ Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յառաջիկայ 7 յուլիսին Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք «Տէյվիս Քափ»ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումին:
22 տարեկան Տել Փոթրօ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երկու տարիէ ի վեր բացակայ է թենիսի դաշտերէն, իսկ արժանթինահայ Նալպանտեան թէեւ վիրաւոր էր, սակայն շատ յաճախ կը մասնակցէր մրցաշարքերու:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մարզիկները պիտի մասնակցին անհատական մրցումներուն, մինչ «Տէյվիս Քափ»ի մարզիչ Մոտեսթօ Վասքեզ զոյգի մրցումներուն համար նկատի առած է Խուան Իկնասիօ Շելան եւ Խուան Մոնաքոն:
CATEGORIES Մարզական