ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՄԻԱՑԱՒ ՄԻՔԱՅԻ

Յովհաննէս Գրիգորեան (աջին)

Միքա Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ներկայիս տեղի ունեցող Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Յովհաննէս Գրիգորեան միացաւ կազմին լքելէ ետք Շիրակ Գիւմրին:

Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը ներկայ հանգրուանին նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:

Նշենք, որ ան արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր Միքայի հետ, որ յառաջիկայ ամիս մրցում ունի կատարելիք «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի շրջագիծին մէջ

Share this Article
CATEGORIES