ԱՐԱՐԱՏ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ԼՔԵՑ ԲԱՆԱՆՑԸ

Արարատ Առաքելեան

Բանանց Երեւանի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ յետսապահ Արարատ Առաքելեան լքեց իր կազմը` համաձայնութեան գալէ ետք իր ակումբին պատասխանատուներուն հետ, երբ որոշուեցաւ կնքուած պայմանագրութիւնը խզել:

Ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը կ՛ուզէ շարունակել Իրանի մէջ, որովհետեւ այժմ դարձած է ազատ մարզիկ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած ակումբին:

Անոր հեռացումը կը զուգադիպի անյարմար պահու` նկատի ունենալով, որ Բանանց կը պատրաստուի «Եուրոփա լիկ»ի 2011-2012 տարեշրջանի զտումի մրցաշարքին:

Նշենք, որ վերոնշեալ մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել նաեւ հիմնական բերդապահ Ստեփան Ղազարեան, որ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Ան Հայաստանի հաւաքականի պահեստի բերդապահն է:

Share this Article
CATEGORIES