Ճանչցա՞ւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՄՇԱԿ

18ab9726607Անցնող օրերուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հարցազրոյցի մը ընթացքին այսպէս արտայայտուեցաւ. «Սուրիոյ տագնապին ընթացքին ահաբեկիչներուն դրսեւորած դաժանութիւնն ու անմարդկայնութիւնը մեզի կը յիշեցնեն այն, ինչ 500 տարի առաջ տեղի ունեցած է միջնադարեան Եւրոպայի մէջ: Իսկ եթէ ատիկա համեմատենք աւելի մօտիկ ժամանակներու հետ, ապա կը նմանի օսմանցիներուն կողմէ հայերու դէմ կատարուած կոտորածին, երբ Թուրքիոյ տարածքին եւ Սուրիոյ մէջ սպաննուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր եւ կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ» (*):

Օրին սոյն յայտարարութիւնը խանդավառութեան եւ ուրախութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց հայկական շրջանակներուն մէջ: Համացանցի ընկերային եւ լրատուական ցանցերուն մէջ մինչ օրս տակաւին կը հանդիպինք գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքերու: Խորքին մէջ, սակայն, երբ նկատի կ՛առնուի յայտարարութեան մէջ գործածուած բառամթերքը, յայտարարութեան ժամանակն ու պայմանները, Սուրիա-Թուրքիա մերօրեայ լարուած յարաբերութիւնները, յայտարարողին վայելած այսօրուան միջազգային ու ներքին հեղինակութիւնն ու մանաւանդ` սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը, ստեղծուած խանդավառութեան չափ պէտք է զգուշութեան եւ բծախնդրութեան ալիք մը բարձրանայ: Զգուշութեան հրաւէրը կարելի է հիմնաւորել ստորեւ նշուած կէտերուն մէջ.

Ա.- Յայտարարութեան մէջ կ՛օգտագործուին «կոտորած» եւ «սպաննել» բառեզրերը եւ ո՛չ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառեզրը: Իրաւական գետնի վրայ ու միջազգային օրէնքի համաձայն, «կոտորած» եւ «ցեղասպանութիւն» բառերը նոյն արժէքը, կշիռն ու հետեւանքները չունին:  Միջազգային օրէնքի համաձայն, Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործադրուած մեծագոյն յանցագործութիւնն է, մինչդեռ կոտորածը կամ սպանութիւնը կրնան  ցեղասպանութեան յանցագործութեան նոյն ծանրութեան եւ օրինական հետեւանքներուն չհասնիլ ու չդատապարտուիլ: Վստահաբար նախագահ Ասատ գիտէ այս երկու բառեզրերուն տարբերութիւնը, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառեզրը չգործածեց: Այսինքն կարելի չէ ըսել, թէ Սուրիոյ նախագահը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար ըսել, թէ նախագահը յիշեց հայերուն ջարդերը:

Բ.- Յստակ է, թէ Սուրիոյ մէջ ընթացող հակամարտութիւնը բաւականին լարեց Սուրիա – Թուրքիա յարաբերութիւնները, վերջինիս Սուրիոյ իշխանութեան հակադրուելուն ու ընդդիմութեան զօրակցելուն պատճառով: Այսօր Թուրքիան` զինուորական, ապահովական, ֆինանսական, նոյնի՛սկ ահաբեկչական իմաստով սուրիական ընդդիմութեան կը սատարէ: Այս պատճառով նախագահ Ասատին յայտարարութիւնը այլ մեկնաբանութեան մը դուռը կը բանայ:  Մարդիկ կրնան հարց տալ, թէ ինչո՞ւ քանի մը տարի առաջ, երբ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները մեղրալուսնի մէջ էին, սուրիական կողմէն նման յայտարարութիւններ բնաւ չէին կատարուեր: Աւելի՛ն. ինչո՞ւ երբ Սուրիոյ նախագահը 2009-ին պաշտօնապէս Հայաստան կը գտնուէր, չայցելեց Ծիծեռնակաբերդ, հակառակ այն իրողութեան որ նախագահ Հաֆեզ Ասատ 1980-ին այցելած էր, ինչպէս նաեւ Հայաստան այցելող պաշտօնական հիւրերուն մեծ մասը Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին առջեւ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերուն:

der-zor1Հետեւաբար, պէտք է գերզգուշ ըլլալ, որ նման յայտարարութիւններ չօգտագործուին այն կարծիքը հիմնաւորելու, թէ Հայ դատը կամ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը վերածուած է լո՛կ Թուրքիոյ վրայ ճնշել ուզողներուն քաղաքական խաղաքարտի: Միւս կողմէ, այս մատնանշումը պէտք չէ մեզ հեռու պահէ պատմական պահերու օգտագործումէն, այն պատճառաբանութեամբ, թէ տուեալ պետութիւնը Հայ դատի հարց կ՛արծարծէ իր քաղաքական շահերուն համար: Անհերքելի իրողութիւն է, թէ  ինչպէս անցեալին, այնպէս նաեւ ներկային ու ապագային պետութիւններ միայն արդարութեան ու իրաւացիութեան դիտանկիւնէն չէ, որ ընդունած են, կ՛ընդունին կամ պիտի ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ իրենց ներքին ու արտաքին քաղաքական  շահերէն մեկնած դիմած են ու պիտի դիմեն նման քայլերու: Սակայն խնդիրը  կը կայանայ այն վտանգին մէջ, որ լուսարձակները կեդրոնանան Հայ դատի միա՛յն քաղաքական դիմագիծին վրայ ու անտեսուի անոր իրաւական-պահանջատիրական հիմքերն ու հետեւանքները:

Գ.- Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան, գիտենք, թէ Սուրիոյ մէջ ինչպիսի՛ ծայրայեղական, տգէտ ու վայրագ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ կը գործեն: Գիտենք նաեւ, թէ այս խմբաւորումները կը գտնուին թրքական իշխանութիւններուն անմիջական հսկողութեան տակ: Նախագահին արտայայտութեան հակազդելու համար սուրիահայութիւնը կամ հայաշատ շրջանները դիտումնաւոր կերպով կամ անուղղակիօրէն նոր նեղութիւններու կրնան դատապարտուիլ, ինչ որ անընդունելի ու դատապարտելի ըլլալու է համայն հայութեան համար:

Դ.- Օրինական գետնի վրայ նախագահին յայտարարութիւնը կը մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ: Հայոց ցեղասպանութիւնը Սուրիոյ մէջ իրաւագիտական ուժ կ՛ունենայ, երբ օրէնքով կը ճանչցուի ու կը դատապարտուի, երբ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը մերժելը քրէական ոճիր կը նկատուի, երբ ապրիլ 24-ը Սուրիոյ մէջ պետականօրէն Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելու օր կը յայտարարուի: Ամէն պարագայի, Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը տեղ գտած է սուրիացիներուն հաւաքական յիշողութեան մէջ: Սուրիացիք քաջ կը գիտակցին հայութեան ապրած արհաւիրքներուն: Այս ծիրին մէջ յայտարարութեան դրական կէտերէն է այն մատնանշումը, թէ ջարդերը կատարուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ: Սուրիան թատերաբեմ, իսկ սուրիացիները վկաներն էին թուրքերուն գործադրած ոճիրներուն: Այս պատճառով նախագահին յայտարարութիւնը կարելի է սուրիացիներուն հաւաքական յիշողութեան մէկ արտացոլումն ու արտայայտութիւնը նկատել:

Գոնէ՛ այս հանգրուանին, երբ Սուրիոյ ներկան ու ապագան տակաւին անորոշ է, երբ սուրիահայութիւնը բոլորովին ապահով վիճակի մէջ չէ, հայութեան կողմէ նման յայտարարութիւններուն աւելի լուրջ ու զգօն վերաբերիլը էական նշանակութիւն ունի:

1 փետրուար 2014

(*) «Ազդակ», 22 յունուար 2014

Share this Article
CATEGORIES