Ժընեւի Մէջ Բանակցութեանց Երկրորդ Փուլը Ընթացք Առաւ

genevaՍուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ:

Կառավարական պատուիրակութիւնը Իպրահիմիի հետ իր հանդիպումին սկիզբը ներկայացուց նախագիծ մը, որ կը դատապարտէ Համայի արուարձաններուն մէջ գտնուող Մաանի մէջ կատարուած ջարդերը: Պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-էն պահանջեց այս եւ ատկէ առաջ տեղի ունեցած ջարդերը դատապարտել` աւելցնելով, որ «քաղաքական որեւէ երկխօսութեան յարմար մթնոլորտ պէտք է պատրաստել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով»:

Պատուիրակութիւնը պահանջեց, որ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրները դադրեցնեն այդ քաղաքականութիւնը` գործադրելով Ապահովութեան խորհուրդին որոշումները:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իպրահիմի մտադիր է յառաջիկայ երկու-երեք օրերուն ընթացքին երկու պատուիրակութեանց հետ անջատ հանդիպումներ ունենալ եւ կը յուսայ պետութեան հաստատութեանց պահպանման, բարեփոխման եւ ազգային հաշտութեան հարցերը արծարծել:

Իպրահիմի երկու պատուիրակութիւններէն պահանջած է յայտարարել, որ արծարծուած հարցերը լուծելու քաղաքական կամք ունին, եւ զանոնք տեղեակ պահած է, որ ինք մտադիր է բռնարարքները դադրեցնելու եւ փոխանցման իշխանութիւն կազմելու հարցերը արծարծել:

Ապահովական Զարգացումները

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք հեռացած են Տէր Զօրէն:

«Մայատին» հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները այլեւս մէկ զինեալ խմբաւորման ձեռքը չեն:

Զինեալ խմբակ մը բախումներու ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրելով հասած է եպիսկոպոսներուն գտնուած վայրը, սակայն անոնցմէ միայն մէկը այդտեղ գտած է: Զինեալ խմբաւորումը չ՛ուզեր եպիսկոպոսներու ազատ արձակման համար Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ բանակցիլ եւ զանոնք Լիբանան փոխադրել, այլ կ՛ուզէ համաձայնութենէ մը ետք զանոնք յանձնել սուրիական իշխանութեանց: Զինեալ խմբաւորումը նաեւ եպիսկոպոսները կառավարութեան վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններ փոխադրելու համար ապահով միջանցք մը պահանջած է:

«Մայատին» կը նշէ, որ եպիսկոպոսներէն մէկը գտած զինեալ խմբաւորումին կեդրոնատեղին Պոլսոյ մէջ է եւ կրնայ թրքական ճնշումներու ենթարկուիլ: Յստակ չէ, թէ եպիսկոպոսներէն ո՛ր մէկը գտնուած է:

Միւս կողմէ, «Մայատին» նաեւ հաղորդեց, որ Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքի առեւանգեալ կրօնաւորուհիները կը գտնուին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ` սուրիական Եապրուտ գիւղին մէջ: Զանոնք առեւանգողները քուէյթցիներ են: Անոնք կապ հաստատած են հազարապետ-զօրավար Իպրահիմի եւ քաթարցիներու հետ եւ ճկունութիւն ցուցաբերած, սակայն Ժապհաթ Նուսրայէն սէուտցի ղեկավար մը միջամտած է եւ խանգարած անոնց ազատ արձակումը: Սէուտական գաղտնի սպասարկութեան հետ կապ ունեցող նշեալ ղեկավարը կ՛ուզէ զանոնք փոխանակել կառավարութեան կողմէ գերեվարուած Ժապհաթ Նուսրայի 500 անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ կ՛ուզէ, որ սուրիական վարչակարգը խոստանայ կրօնաւորուհիներու ազատ արձակումէն ետք Եապրուտի վրայ յարձակում չգործել:

Մինչ այդ, «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի Մասրանիա թաղամասի մէկ մասը եւ Քարամ Տարրապ թաղամասը` ամբողջութեամբ: Բախումներուն ընթացքին սպաննուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը զինեալներ, որոնցմէ ոմանք Ժապհաթ Նուսրայի կամ Իսլամական ճակատի անդամներ են:

Զինեալներու դէմ պայքարը կը շարունակուի նաեւ Դամասկոսի մերձակայքը: Տարաա քաղաքի Մուսթաֆա մզկիթի մերձակայքը սպաննուած են 17 զինեալներ, ներառեալ` խմբաւորման ղեկավարը: Զինեալները լուրջ կորուստներ կրած են նաեւ Եապրուտի, Զապատանիի, Զամալքայի եւ Աարապիին գիւղերուն մէջ:

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ կառավարական ուժերու` հրավառ նիւթերով ռմբակոծութեան պատճառով 9 փետրուարին 75 մարդ սպաննուած է: Կը ռմբակոծեն յատկապէս Հալէպի արեւելեան թաղամասերը, մասնաւորաբար Հայտարիա, Քաթըրճի թաղամասերը:

Ստեղծուած կացութեան մէջ հազարաւոր հալէպցիներ ստիպուած հեռացած են քաղաքի արեւմտեան թաղամասեր, որոնք կը գտնուին կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, իսկ հազարաւոր ուրիշներ հեռացած են դէպի Թուրքիա:

Ընդդիմադիրները գրաւած են Քունէյթրա քաղաքի որոշ դիրքերը` սպաննելով կառավարական ուժերու տասնեակ մը անդամներ:

 

Share this Article
CATEGORIES