Ըստ «Մաարիւ»-ի. Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մարտին Հաշտութեան Համաձայնագիր Պիտի Կնքեն
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը յայտնեց, որ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նախատեսած է, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ հաշտութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ հակառակ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փափաքին, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները իրենց նախկին վիճակին պիտի չվերադառնան:
Աղբիւրները նշած են, որ Իսրայէլ յարաբերութեանց վերականգնման համար իբրեւ նախապայման Թուրքիայէն պահանջած է ջնջել իսրայէլեան բանակի անդամ սպաներու եւ զինուորներու դէմ դատական հայցերը եւ որդեգրել օրէնք մը, որ ապագային եւս այդպիսի դատական հարցերու յարուցումը կ՛արգիլէ, իսկ Թուրքիա պահանջած է Կազայի դէմ հաստատուած ծովային պաշարումը մեղմացնել:

