Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալած է սուրիական ինքնութիւն կրող երկու քաղաքացիներ` Օմար Մահմուտ Օսման եւ Ռատուան Մահմուտ Այուշ, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին Լիբանան մուտք գործել:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլա Հարաւային արուարձաններուն մէջ բացայայտած է ՏԱՀԵՇ-ի բջիջ մը, որ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան հովանաւորութեամբ կը գործէր: Իրանեան լրատու գործակալութեան համաձայն, Հըզպալլա այս թղթածրարը յանձնած է բանակին, որ իր կարգին հետեւած է եւ յանցագործները ձերբակալած:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա զօրակոչ յայտարարած է Եապրուտի ճակատամարտին սկսելու նպատակով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ Տուպայի մէջ կատարուած հանդիպումին մասին լուրերը հերքուեցան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց արագացնելու քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու առաքելութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ մը դնել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը ներկայ հանգրուանի պահանջները չի կրնար գոհացնել, ինչպէս նաեւ չի կրնար դիմադրել հաւատադրժողական շարժումներուն ահաբեկչութիւններուն:
ԵՐԿՈՒ շաբաթ առաջ առեւանգուած լիբանանցի երիտասարդ Ժուլիեն Ժորժ Անթուն շաբաթավերջին ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ իր բնակարանը. անոր ընտանիքը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքական թէ հոգեւոր հեղինակութիւններուն, պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել իրենց զաւակը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, որ Հըզպալլայի օժանդակութեամբ կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն մը կը նկատուի ապահովական իմաստով:
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պատասխանատու մը յայտնած է, որ Ռուսիա Հըզպալլային կը տրամադրէ պատերազմական այնպիսի կարողութիւններ, որոնք կրնան տապալել Իսրայէլի պաշտպանութեան կարողութիւնները:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներէն մէկը հանրապետութեան նախագահին կողմէ պաշտպանութեան նախարարութեան կառչած մնալն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յանձնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին եւ կառավարութեան կազմութեան հարցը կը լուծուի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ կարելի չէ զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի նախարար նշանակումը վեթոյի ենթարկել` աւելցնելով, որ իրենց համար Հըզպալլան, ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան տարբերութիւն չունին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը պատրաստած է յատուկ գրասենեակ մը` բծախնդրութեամբ հետեւելու համար երկրին ապահովական կացութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն կը պահանջեն խոչընդոտել կառավարութեան կազմութիւնը, երբ անոնք չեն փափաքիր հեզասահ դարձնել կազմութեան աշխատանքը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ աշխատող կողմերը զարմանք յայտնեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ ներքին գործոց նախարարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած կառչածութեան առնչութեամբ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմելու առումով պիտի մերժեն քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն կատարուելիք որեւէ համաձայնութիւն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթը ճամբու քարտէս մըն է` հիմնելու համար արդար եւ կարող պետութիւն մը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հաղորդակցութիւնները տեղքայլի մէջ են եւ գրեթէ խզուած:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու համար սահմանադրական եւ քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին նախարարի պաշտօնին առաջադրելը ընդվզեցնող է:
ՍԱՅՏԱՅԻ Ռիատ Սոլհ փողոցը երէկ փակուեցաւ, երբ Զահթարի մզկիթին մօտ նշմարուեցաւ տարօրինակ «մարմին» մը: Բանակի սակրաւորները ուղղուեցան դէպքին վայրը, ուր ստուգեցին գտնուած «մարմին»-ը, որ պայթուցիկ նիւթերէ զերծ դուրս եկաւ: Նշենք, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Թ. տարելիցին առիթով Սայտայի մէջ զետեղուած պաստառները երէկ առաւօտեան պատռուած վիճակի մէջ գտնուած են:

