Մոսկուայի Մէջ . Միքաթի Փութինի Եւ Մետվետեւի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Միքաթի եւ Փութին

Միքաթի եւ Փութին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Սոչիի մէջ ընդունուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ, որուն հետ քննարկեց միջինարեւելեան զարգացումները:

Նշենք, որ Միքաթի Լիբանանը ներկայացուց Սոչիի մէջ 22-րդ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու պաշտօնական բացումին:

Միքաթիի ընկերակցեցան նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ եւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա:

Միքաթի երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերը:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ նախարարութիւններուն պարզած իրավիճակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES