«Լիբանանի Համար Շնորհ Մը Նկատուող Քարիւղը Վերածուած Է Մտատանջումի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ կառավարութեան մէջ ճշգրիտ եւ ամբողջական ներկայացուցչութեան:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հարցը միակ արգելքը չէ` աւելցնելով, որ այլեւս Լիբանանի համար քարիւղը շնորհ մը չէ, այլ վերածուեցաւ մտատանջումի:
Ան ըսաւ, որ շրջանային կարգ մը երկիրներ չեն փափաքիր Լիբանանը տեսնել բարօր եւ նիւթական պարտաւորութիւններէ զերծ վիճակի մէջ, որովհետեւ այդպիսով Լիբանան պիտի վերածուի իր սեփական կամքը ունեցող անկախ պետութեան մը: «Հետեւաբար ո՛չ Իսրայէլ եւ ո՛չ ալ քարիւղ արտադրող մեծ երկիրներ կ՛ուզեն Լիբանանը հզօր պետութիւն մը տեսնել», նշեց ան:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները մնայուն կերպով կասկածի տակ կ՛առնուին, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Բնական է այդ մէկը, որովհետեւ այդ դաշինքէն տուժողներ կան, սակայն ի վերջոյ այդ դաշինքը շատ աւելի մեծ է: Ընդհանուր այն տպաւորութիւնը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը աունական շարժումի պլոքն է, սխալ է: Համախմբումը կը խմբաւորէ դաշնակից քաղաքական ուժեր, որոնք են Ազգային ազատ հոսանքը, ՀՅԴ-ն, Մարատա հոսանքը եւ անկախ անձնաւորութիւններ»:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի ամբողջական հերթագայութեան սկզբունքին, այսինքն` բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր նախարարութիւններուն վերաբերող հերթագայութեան, որուն շրջագիծին մէջ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ հայ մը, ասորի մը կամ տիւրզի մը ստանձնէ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց կամ ելեւմուտքի նախարարութիւնները: «Ո՞վ ճշդած է, թէ փոքր համայնքները պէտք է ստանձնեն միայն այն նախարարութիւնները, որոնք ոչ ոք կը ցանկայ ստանձնել», հարց տուաւ ան եւ աւելցուց ըսելով, որ հերթագայութիւնը պէտք է գործադրուի, երբ նուազագոյնը միամեայ կառավարութիւն կազմուի, որպէսզի տուեալ նախարարը ժամանակը ունենայ թղթածրարներուն ծանօթանալու:
Յ. Բագրատունի զգուշացուց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումը յաւելեալ վտանգի կ՛ենթարկէ նախագահական ընտրութիւնը, «որովհետեւ առանց նախագահական ընտրութեան երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չըլլան», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու հերթագայութեան սկզբունքին կառչածութեան եւ անյապաղ կազմելու կառավարութիւնը:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամի յաջողութեան, սակայն առանց իր իրաւունքներէն եւ շահերէն զիջելու: Իսկ Սալամի նպատակը պէտք է ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը իբրեւ լուծում եւ ոչ թէ նոր հարցեր ստեղծելու կառավարական կազմ մը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան ազատ որոշումին կառչած մնալու եւ օտարներէն ու այլ պետութիւններէ կախեալ չըլլալու համոզումը` շեշտելով, որ եթէ լիբանանցիները միայն Լիբանանի վրայ վստահին ու գործեն ի շահ անոր, կրնան լուծել երկիրը յուզող բոլոր հարցերը:
Լիբանանի դիմագրաւած ապակայունութեան իրավիճակին շրջագիծին մէջ լիբանանահայութեան մտահոգութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, նոյնպէս ալ լիբանանահայերը կ՛ազդուին երկրին կացութենէն, որովհետեւ անոնք լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ գիտեն ինչ ըսել է պետութիւն, հող եւ իրաւունք կորսնցնել:
«Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, Հայոց ցեղասպանութեան դառնութենէն եւ տակաւին անկէ ետք, հայը օր մը օրանց ապահով չէ զգացած: Ան մնայուն մտահոգութեան մէջ է եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով ճիգ չի խնայեր պահպանելու իր ունեցածը եւ լիբանանցի իր եղբայրներուն խորհուրդ կու տայ իր փորձառութենէն դասեր քաղելու եւ նուազագոյնը պահպանելու իր ունեցածը` երկխօսութեան ճամբով», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:
Իսլամ չափաւորականութիւն ստեղծելու ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իսլամ կրօնը չափաւորականութեան կրօն է, իսկ գուրանը` անոր արտայայտիչը: Ան աւելցուց. «Իսլամ չափաւորականներ կան, սակայն ծայրայեղներուն եւ հաւատադրժողականներուն կարելի չէ իսլամ չափաւորական կոչել, ինչպէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներկայացած է իբրեւ իսլամ չափաւորականի նմուշ, սակայն մերժուած թէ՛ Լիպիոյ, թէ՛ Եգիպտոսի, թէ՛ Թունուզի եւ բոլոր երկիրներուն կողմէ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

