Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Աշխուժօրէն Կ՛աշխատի Զուիցերիոյ Դեսպաններուն Հետ` Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Որոշումին Բողոքարկումին Համար

European-Court-of-Human-Rights1Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնահերթ խնդիրը Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման հարցն է:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ռումանիոյ մէջ արդէն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ` մինչեւ 17 մարտ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման վերատեսութեան դիմում ներկայացնելու ուղղութեամբ:

«Դեկտեմբերէն մինչեւ մարտ այս հարցով կը զբաղինք` համոզուելու համար, որ Զուիցերիան ճիշդ որոշում կու տայ: Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին մենք մանրամասն կը բացատրենք պատճառները, թէ ինչո՛ւ Զուիցերիա պէտք է վերատեսութեան դիմում գրէ: Մենք վստահ ենք, որ դեսպանները արդէն զեկուցած են Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, եւ մեր տուեալներուն համաձայն, Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վերատեսութեան դիմումի մասին իր կարծիքը պէտք է ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան», յայտնեց Պետօ Տեմիրճեան:

Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար զուիցերիական դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած քաղաքական գործիչ, Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքի հայցը: 2008 թուականին զուիցերիական դատարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար Փերինչեքը դատապարտած էր 3 ամսուան բանտարկութեան, այնուհետեւ բանտարկութեան որոշումը դատարանը փոխարինած էր վարչական տուգանքով: Եւրոպական դատարանը Փերինչեքի հայցին բաւարարումը հիմնաւորած էր անով, որ զուիցերիական դատարանը խախտած է Եւրոպական ուխտի խօսքի ազատութեան վերաբերեալ 10-րդ եւ 7-րդ յօդուածները:

Share this Article
CATEGORIES