Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքը Հասաւ Մարզեր

LoriԱնցեալ շաբաթավերջին Ալավերտիի ու Վանաձորի մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի:

Ալավերտիի մէջ տեղի ունեցած բողոքի երթի մասնակիցները դժգոհութիւն յայտնեցին, որ գործարանները պահումներ կը կատարեն, թէեւ, բողոքաւորներուն համոզումով` կրնային չընել:

«Խնդիրը այն է, որ գործարանը կարեւոր չի նկատեր իր աշխատողը, իր աշխատողին շահը: Անոր համար աւելի կարեւոր է պետութեան հաճոյանալու խնդիրը, քան իր աշխատողը»,  «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Ալավերտիի մէջ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը:

Բողոքի երթ տեղի ունեցաւ նաեւ Վանաձորի մէջ: Երթին միացան նաեւ Երեւանէն ժամանած «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները:

Այստեղ բողոքողներուն մէջ քիչ չէին նաեւ թոշակառուները, որոնք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ կը պայքարին իրենց զաւակներուն ապագային համար:

«Ես թոշառու եմ, բայց դէմ եմ: Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը մտածեն խաբել ամբողջ ժողովուրդ մը»,  ըսաւ տարեց տղամարդ մը:

Վանաձորի բնակիչ, դրամատան աշխատակից Սարգիս Առաքելեանի աշխատավարձէն պահում կատարուած է կուտակային կենսաթոշակին համար, մինչդեռ ինք դէմ է օրէնքին եւ վստահ չէ, որ այդ գումարը նպատակին պիտի ծառայէ. «Իրենք ընդունեցին այս օրէնքը իբրեւ պարտադիր` չունենալով ոչ մէկ հիմք»:

Առաքելեան ընդգծեց, որ գործազրկութեան բարձր մակարդակ ունեցող Հայաստանի մէջ այսպիսի օրէնք անընդունելի է:

«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան Վանաձորի անդամները յաջողած նկատեցին այս ցոյցը` նշելով, որ ցոյցերը շարունակական պիտի ըլլան. «Մինչեւ ամսուն 28-ը (մարտ)  ցոյցեր պիտի կատարուին: Մենք անպայման պիտի յայտարարենք: Այսօրուան մասնակիցներուն թիւը նկատի ունենալով` պիտի մշակուին հետագայ գործողութիւնները»:

Նախաձեռնութեան Երեւանէն ժամանած անդամներէն Տիգրան Մարտիրոսեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ իրենց նպատակը իրազեկել ու մարդիկը համախմբելն է` աւելցնելով, որ մինչեւ 28 մարտ իրազեկման եւ բողոքի երթեր տեղի պիտի ունենան նաեւ այլ մարզերու մէջ:

Մինչ այդ, երէկ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան աշխատակիցները գործադուլ կատարեցին` բողոքելով կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումի պարտադիր բաղադրիչին դէմ: Ընկերութիւնը աշխատակիցներուն աշխատավարձերէն պահումներ կատարած էր, ինչ որ ընդվզում յառաջացուց անոնց մօտ:

Ամէնէն յատկանշականը այն էր սակայն, որ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ երէկ «Անուշ» օփերայի բեմադրութիւնը տեղի չունեցաւ: Թատրոնի դերասաններն ու պարողները հրաժարեցան բեմ դուրս գալ: Անոնք բողոքեցին պարտադիր կենսաթոշակային հիմնադրամին համար կատարուած պահումներուն դէմ, դուրս եկան եւ օփերայի ու պալէի շէնքին մօտ բողոքի ցոյց կատարեցին: Հանդիսատեսը չբողոքեց, այլ ընդհակառակն` ծափողջոյններով աջակցեցաւ նստացոյցին մասնակիցներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES