Նամականի
ՍՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Շա՛տ սիրելի Սելլա եւ Հուրի,
(Արեւմտեան աշխարհին մէջ հայերէնի հարցը)
Ձեր մտահոգութիւնը արդարացի է եւ զայն լիուլի կը բաժնեմ: Հայկական առողջ շրջանակի մէջ նոր սերունդը մեծցնելն ու դաստիարակելը անփոխարինելի են:
Դժբախտաբար մենք սփիւռք դարձած ենք հակառակ մեր կամքին:
Իսկ հիմա մեր անձնական վերելքը ապրելու համար քաղաքական անկայունութեան եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով կամովին կը լքենք Մերձաւոր Արեւելքը, ուր արեւմտահայը արմատ նետած է, իսկ Հայաստանը կը լքենք ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով…
Սփիւռքի մէջ համաշխարհայնացման մթնոլորտը տիրական է եւ փոքր ազգերու լեզուները նահանջի մէջ են, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` մահուան ճամբան բռնած են:
Մեր պարագային` արեւմտեան աշխարհի մէջ արեւմտահայերէնը, նոյնպէս եւ արեւելահայերէնը, վտանգուած են:
Պիտի փորձեմ հայերէնը իբրեւ «մայրենի լեզու» եւ հայերէնը որպէս «երկրորդ լեզու» հարցը քննարկել հոգեբանական եւ մանկավարժական դիտանկիւնէն:
Ապրելով զանազան երկիրներ եւ իմ մասնագիտական պատրաստութիւնս օգնած են ինծի, որ որոշ նախազգուշութիւններ ձեռք առնեմ` համաձայն երեխայի տարիքին եւ կախեալ շրջապատի ստեղծած կացութենէն, որպէսզի այդ անդունդին առջեւ գտնուին ո՛չ աշակերտներս, ո՛չ անոնց ծնողները, ո՛չ ալ հարազատներս:
Երբ Ֆրանսա կ՛ապրէի` աշխատելով Կապոյտ խաչի կազդուրման կայանին եւ միօրեայ վարժարանի մէջ, այս հարցը իմ ուսումնասիրութեանս գլխաւոր նիւթը դարձաւ եւ ուսումնասիրեցի երկլեզուութիւնը: Առ այդ, կրցայ գտնել որոշ լուծումներ` սիրցնելու հայերէնը, որպէսզի հայ երեխաները հայ ըլլալու բարդոյթներէն հեռու պահուին, եւ իրենց հոգիներուն մէջ ճակատագրական տագնապներ չստեղծուին:
Զանազան օրինակներ պիտի ներկայացնեմ եւ բաղդատութիւններ պիտի ընեմ` նկատի առնելով շրջապատին եւ ծնողներուն մօտեցումները, որոնք գոյութիւն ունեցած են գաղթականութենէն ետք եւ դժբախտաբար կը շարունակուին գոյութիւն ունենալ:
Աշակերտներէս մին` Րաֆֆին, լուռ, ամօթխած մանչուկ մըն էր, 10 տարեկան, հայերէն կը հասկնար, բայց բացարձակապէս կը մերժէր հայերէն խօսիլ, թէեւ մինչեւ 3 տարեկան միայն հայերէն խօսած է: Երբ մանկապարտէզ գացած է, չէ գիտցած, որ իր ֆրանսական անունը Robert է: Ուսուցչուհին Robert անունով դիմած է իրեն, պատասխան չէ ստացած, օրեր անցած են ոչ մէկ հաղորդակցութիւն, Robert` տխուր, անկիւնը քաշուած` չէ հաղորդակցած, ոչ մէկ կապ ստեղծած է ուսուցչուհիին եւ ընկերներուն հետ:
Օր մըն ալ ծնողները դպրոցէն ստացած են նամակ մը, թէ Robert խուլ եւ համր է, մասնագէտ պէտք է տեսնէ:
Այսպէս, ամբողջ սերունդ մը` Nicolas, Robert, Valerie, Katia, Xavier, Gilles, Caroline եւ շատ ուրիշներ, երբ պատանի կը դառնան, վճռականապէս կը մերժեն հայերէն խօսիլ: Նմաններուն ծանօթացայ Կապոյտ խաչի Կազդուրման կայանին մէջ, բոլորն ալ իրենց հայկական եւ ֆրանսական անունները ունէին եւ կ՛ըսէին.
– Էս ֆղանսասի օղիժին այ
(Ես ֆրանսացի ծագումով հայ):
Եթէ հայկական դպրոց գացած են սխալ մեթոտով, անհաճոյ ձեւով, անհրապոյր գիրքերով դասաւանդուած է միայն հայերէնը եւ ոչ` հայ մշակոյթը (որ պէտք էր տրուէր իրենց ֆրանսերէնով) հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար:
Անոնք կ՛ըսէին.
– Չենք ուզեղ այկական թպղոս եղթալ (չենք ուզեր հայկական դպրոց երթալ):
Իսկ Լիբանանէն մանչուկ մը, որ հոն էր եւ օտար կը զգար ինքզինք: Անոնք անոր կ՛ըսէին.
– L՛armenien pleure (հայը կու լայ):
Կարծես Մերձաւոր Արեւելքէն գացողը միայն հայ է:
Հետեւաբար հետաքրքրութիւն չկայ հայերէնի նկատմամբ, իսկ ֆրանսական այբուբենի սահմանափակ հնչոյթները արմատացած են եւ հայկական հնչոյթային ունակութիւնները ցաւօք չքացած են: Իբրեւ հայ երեխաներ` անոնք զրկուած են այդ հարստութենէն, մեր այբուբենը ունի 36+2 տառեր, իւրաքանչիւր տառ հնչոյթ մը կը ներկայացնէ, ունինք միայն մէկ հնչիւն (son) «եւ» երկու տառերով կազմուած, մինչդեռ ֆրանսացիները ունին 26 հնչոյթ եւ քանի մը ռնգային հնչիւններ (sons), ինչպէս կը տեսնենք, մեր այբուբենի հնչոյթները հարուստ են եւ հայ երեխային իրաւունքն է ունենալ հայկական հնչոյթային ունակութիւնները, ծնած վայրկեանին պէտք է որ փոխանցուի իրենց ծնողներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, Alexandre le Beau երեք տարեկան էր, մեծ հաճոյքով դպրոց կու գար, որովհետեւ հետը ֆրանսերէն կը խօսէի, հայերէն չէր գիտեր եւ շատ լաւ կը հետեւէր հայերէնով խօսակցական խաղերուն: Ալեքսանտր հօրը կողմէ ֆրանսացի էր, մօրը կողմէ հայ, երբ անուանացանկը կը կարդայի սորվեցնելու համար «ներկայ եւ բացակայ» բառերը, հազիւ Alexandre le Beau արտասանէի, կու լար, կու լար. կուլար. վերջ ի վերջոյ գիտցանք, որ բոլորին մականունները «եան»-ով կը վերջանային իրը չունէր «եան»: Այնուհետեւ ան «կնքուեցաւ» Ալեքսանտր Լըպոյեան: Ալեքսանտրին հրճուանքը անհուն էր:
Իսկ Սեդան հօրը կողմէ իտալացի էր, մօրը կողմէ` հայ, ունէր ընդարձակ հայախօս ընտանիք` մեծ մայր, մեծ հայր եւայլն: Սեդան շատ լաւ հայերէն կը խօսէր, բայց կը ցաւէր, որ միայն 50 առ հարիւր հայ է: Սեդան կը տենչար 100 առ հարիւր հայ ըլլալ: Նաթալի քրոջս թոռը մայրը ֆրանսացի է, շատ կը ցաւի, որ հայերէն չի գիտեր, կը մեղադրէ հայրը, որ իրեն չէ սորվեցուցած: Թալին եւ Վանիկ` քրոջս թոռնուհիները, միայն հայկական անուն ունին, որովհետեւ իրենց ծնողները քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն վրայ գերբնական ուժ բանեցուցած էին, որպէսզի իրենց զաւակները միայն մէկ անուն ունենան եւ այդ անունը պիտի ըլլար հայկական:
Անոնք իրենց ծնունդէն երկու ամիս վերջ գացած են ֆրանսական մանկամսուր եւ ընտելացած` ֆրանսերէն լեզուին: Հետզհետէ մեծնալով` հաւասար ձեւով տիրապետած են երկու լեզուներուն, յաճախելով հայկական միօրեայ վարժարան, պաքալորէայի քննութեան հայերէն լեզուն ներկայացուցած են: Հակառակ ֆրանսացի ուսուցչուհիին դիտողութիւններուն` թէ տան մէջ պէտք է ֆրանսերէն խօսին, անոնք շարունակած են հայերէն խօսիլ տունէն ներս, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն հետ, հայախօս ընտանիքին մէջ եւ անշուշտ` հայկական շրջանակէն ներս, դառնալով հաւասարակշռուած երկլեզուանի: Իսկ այժմ անոնք կը խօսին իրենց զաւակներուն հետ հայերէն: Կան լրիւ անտարբեր հայեր` հայերէնի եւ հայութեան նկատմամբ:
Ամերիկայի Քալիֆորնիա շրջանը բնակող Արէն` եղբօրս` թոռը, ծնելէն ետք տարին զինք Day Care ուր խօսակցութիւնը կ՛ընթանար արեւելահայերէնով: Այս տարի հայկական մանկապարտէզ կ՛երթայ, ուր կը լսէ անգլերէն, թէեւ աշակերտները հայ են, բայց մեծաւ մասամբ անգլերէն կը խօսին: Բարեբախտաբար Արէն արտայայտուող է, իր հարցերը արագօրէն կը դրսեւորէ եւ փափաք կը յայտնէ անգլերէն սորվելու երեխան ինքնիրեն լուծումը գտած է: Աւելի կանուխ արդէն պէտք էր ընտելանար անգլերէնի:
Իսկ եթէ երեխան չարտայայտուէր, տագնապը արտայայտէր տխրութեամբ եւ յարձակողական վերաբերմունքով, ան իր հոգեկան տագնապներուն պատճառով պիտի դառնար բարդոյթաւոր: Դժբախտաբար կային եւ կան նաեւ պատանիներ, որոնք կը ցաւին, որ հայերէն չեն գիտեր, երբ ընտանիքի մը մէջ համերաշխութիւն կայ, ըլլայ ան միջուկային թէ ընդարձակ ընտանիք, այսինքն` մայր, հայր զաւակներ եւ մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, մօրաքոյր, հօրաքոյր, քեռի, զարմիկներ, դրական մթնոլորտ կ՛ըլլայ, հայախօսութիւնը կը զարգանայ, երկլեզութիւնը կ՛ընդարձակէ մտահորիզոնը, իսկ երեխան եթէ ունի կարելիութիւնները եւ ունի ընդունակութիւնը բազմալեզուութիւնը զարգացնելու, ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:
Բնական երեխայ մը, որ մտային, լեզուական հարցեր չունի, փոքր տարիքին կրնայ քանի մը լեզուներ խօսիլ:
Ջղաբաններ, հոգեբաններ, մանկավարժներ փորձարկած են որոշ վարկածներ եւ ուսումնասիրած են ուղեղը. փաստած են, որ ուղեղի երկու կիսագունդերը իրարու կ՛օգնեն ծնունդէն մինչեւ որոշ տարիք մը: Ուստի որքան կանուխ հրամցնենք օտար խօսակցական լեզու մը, այնքան լաւ եւ շուտ կը սորվին, պայմանաւ որ նոյն ուսուցչուհին չդասաւանդէ երկու լեզուները, նոյն անձերը չխօսին երկու լեզուները, չխառնել երկու կամ երեք լեզուներ, լեզու դասաւանդող ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին պէտք է գիտնայ երեխային մայրենի լեզուն:
Խօսակցական լեզուն պէտք է սորվեցնել խաղերով բնական կեանքի ընթացքին, կերած, խմած, խաղցած ատեն` երգերով, խաղ արտասանութիւններով, թատրոնով, տիկնիկային կամ իրական:
Ներկայիս քանի մը լեզու գիտնալը կեանքի պահանջ է, երկլեզուանի երկիրներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին, գիտութիւնը կը յառաջդիմէ եւ երկրորդ լեզուի ընկալումը կը դիւրանայ:
Բայց եւ այնպէս կեանքը մեզի ցոյց տուած է, որ բարբառ գիտցողը միեւնոյն ատեն սորված է գրական հայերէնը, նոյն է պարագան օտարներուն:
Գաղթականներ երբ ուրիշ երկիրներ կը գաղթեն, երեխաները աւելի շուտ կը սորվին երկրի խօսակցական լեզուն, քան մեծերը:
Իսկ խառն ամուսնութիւններու պարագային,
երբ երեխան համերաշխ ընտանիքի մը մէջ կ՛ապրի, կը սորվի հօրը լեզուն, մօրը լեզուն, երկրի լեզուն եւ միջազգային լեզու մը:
Իսկ հայերուս համար մեծ առաւելութիւն մըն է հայերէն գիտնալը: Ինչպէս վերը նշեցինք, երբ երեխան սորվի հայերէնը փոքր տարիքին, հայերէնը կը դառնայ մայրենի լեզու, ուստի ան կը տիրապետէ շրթնային, քմային, ռնգային, հագագային լեզուաատամային, հնչոյթներու ունակութիւններուն: Հայերէնի քերականական օրէնքները, շարահիւսութիւնը կառուցուածքային յատկութիւնները շատ ուսանելի են եւ օգտակար` ուրիշ լեզու մը սորվելու համար: Արդարեւ, մինչեւ 3 տարեկան հայերէն խօսիլը երեխայի հետ եւ վերջը սորվեցնել երկրի տեղական լեզուն եւ դադրիլ հայերէն խօսելէն` երեխան կը կորսնցնէ հայերէն լեզուին բոլոր յատկութիւնները:
Իսկ երբ ընտանեկան լեզուն կը դառնայ մեր ապրած երկրին լեզուն եւ հայերէնով, միայն կը բարկանանք, կը յանդիմանենք, կը պատժենք, հայերէնը կը դառնայ ատելի լեզու մը: Ներկայիս բոլորս բախտաւոր ենք որ հայրենիք մը ունինք, այլեւս ան ոգեկան հայրենիք չէ, Հայաստանը անկախ է, եւ աւելի դիւրին կրնանք խթանել նոր սերունդը, թէ հայերէնը կարեւոր է, պէտք է հաղորդակցինք հայերէնով, որպէսզի երբ Հայաստան երթանք, հոն կարենանք հասկնալ մեր հայրենակիցները:
Գրաւոր հայերէնին տիրապետելը անհրաժեշտ կ՛ըլլայ, երբ հայրենիք-սփիւռք կապը անքակտելի ըլլայ, ելեկտրոնային եւ ճամբորդական միջոցներով, այս ձեւով աւելի լաւ կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին:
Մենք` ծնողք, ընտանիք, մանկավարժներ, կառոյցներ, պիտի փորձենք այլեւս չունենալ անտարբեր եւ բարդոյթաւոր նոր սերունդ մը սփիւռքի մէջ:
Անոնք առողջ մտածումներով պիտի ստեղծագործեն իրենց փայլուն կարողութիւններով, պաշտօններ ստանձնելով պետական կառոյցներու մէջ` մեծ պետութիւններուն վրայ ճնշում պիտի բանեցնեն մեր ազգային շահերուն համար:
Մենք շատ ընելիք ունինք…
Նոր սերունդը պէտք է դառնայ հաւասարակշռուած անձ, ինքնավստահ, հետաքրքրուած` հայ մշակոյթով, հպարտ, որ շառաւիղն է հին ժողովուրդի մը. եթէ տոկացած է հազարաւոր տարիներ, պիտի տոկայ եւ յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները` տիրանալու համար իր կորսնցուցած բոլոր իրաւունքներուն:
Իսկ մենք` երէցներս, տակաւին ընելիք ունինք, սիրելի Սելլա եւ Հուրի, արեւմտեան աշխարհի մէջ առողջ ազգային շրջանակ ունենալու համար:
Պիտի տանինք պայքար, պայքար մինչեւ վերջ` օգտագործելով հայ թէ օտար մասնագէտներու նորարարութիւնները:
Պէյրութ, 3 փետրուար 2014

