100-ամեակի Նշման Գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչները Կը Խորհրդակցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետին Եւ Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ
Երկուշաբթի, 10 փետրուար 2014-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Գործադիր վարչութեան) եւ Թենի Սիմոնեան (Անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան), Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Ագնէս Ապումի եւ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ ժողով մը գումարեցին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու պատկերացումները փոխանցեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման գծով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ունենալիք դերակատարութեան մասին:
Նախ, Նարեկ սրբազան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծրագիրները: Ապա, Թենի Սիմոնեան խօսեցաւ 7 փետրուարին Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տուած այցելութեան եւ «Արմէնոֆաս»-ի ու Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման միացեալ ծրագիրներուն մասին:
Ինչ կը վերաբերի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ժողովականները անդրադարձան, թէ խորհուրդի 10-րդ համաժողովի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յայտարարութիւնը «կը թելադրէ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին. 1) 2015-ի ապրիլ 24-ին մօտ թուականի մը, Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման` մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու Ցեղասպանութեան մասնագէտներու: 2) Ժընեւի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն: 3) Կոչ ուղղել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով»:
Այս ուղղութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները առաջարկեցին միջազգային համագումարը կազմակերպել.
1) Փետրուար կամ մարտ 2015-ին:
2) Նիւթ ունենալ Անթիլիասի մէջ նախապէս գումարուած Հայ դատի միջազգային համագումարներու շարունակութիւնը նկատուող «անպատժելիութիւնը»:
3) Կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ ներառել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան չորս անդամներ` Վիգէն արք. Այքազեանն ու Փոլա Տէր Մաթոյեանը (Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն), Նարեկ արք. Ալեէմեզեանն ու Թենի Սիմոնեանը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն):
4) Համատեղ սկսիլ պատրաստել դասախօսներու եւ հրաւիրեալներու ցանկը:
Ապա, Հայ եկեղեցի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործակցութեան զանազան մարզեր քննարկուեցան ու յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ իրավիճակին մասին միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ:

