Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ մինչ Հոմսի մէջ կատարուող մարդկային օգնութեան եւ բնակիչներու տարհանման լուրերը գրաւած են լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը, մայրաքաղաք Դամասկոսի կարգ մը արուարձաններուն մէջ տեղի կ՛ունենայ հաշտեցման հոլովոյթ մը, որ կը թեթեւցնէ զինեալ բախումները, իսկ այլ արուարձաններու մէջ ազգային սկզբունքներու հաստատման եւ բանակին հետ զօրակցութեան հաւաքներ կը կազմակերպուին:

Իրավիճակը մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ բաւական հանգիստ է, սակայն արեւելեան արուարձաններուն մէջ բախումները կը շարունակուին բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ: Իսկ Ժարամանա հայաշատ արուարձանը տակաւին կ՛ենթարկուի հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, որոնց իբրեւ հետեւանք կան նիւթական վնասներ եւ վիրաւորներ:

Ըստ վերջին տուեալներուն, արուարձաններէն աւելի ապահով բնակելի վայրեր փոխադրուելու պատճառով տագնապի օրերուն մայրաքաղաքին մէջ բնակչութեան 60 առ հարիւրի աճ արձանագրուած է` պատճառելով ճամբաներու գերխճողում եւ փոխադրութեան խնդիրներ:

Share this Article
CATEGORIES