Ներկայացուցիչներու Տունը Ուքրանիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մասին Օրինագիծ Որդեգրեց

House-of-RepresentativesՄիացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց օրինագիծ մը, որ «թիրախային» պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ ցոյցերու մասնակիցներուն նկատմամբ ուժ կիրարկողներու դէմ:

«Վրեմիա» կը յայտնէ, որ օրինագիծը որդեգրուած է 381 թեր եւ 2 դէմ քուէներով: Կը հաղորդուի, որ փաստաթուղթը աջակցութիւն կը յայտնէ ուքրանացի ժողովուրդի ժողովրդավարական եւ եւրոպական ձգտումներուն:

Օրինագիծին հեղինակները Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային կոչ ուղղած են շարունակելու միացեալ աշխատանք տանիլ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը հարթելու համար եւ աջակցելու միլիոնաւոր ուքրանացիներու` Ընկերակցութեան համաձայնագիրին ստորագրման միջոցով Եւրոպայի հետ առաւել սերտ կապեր ունենալու ձգտումին:

Բացի ատկէ, օրինագիծը Ուքրանիոյ կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ բողոքի ցոյցերու միւս մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ խուսափելու բախումներէն: Մասնաւորաբար իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի կատարելու միջազգային պարտաւորութիւններն ու յարգելու սեփական քաղաքացիներուն ժողովրդավարական իրաւունքները:

Քոնկրեսականները փաստաթուղթին մէջ ընդգծած են, որ եթէ իշխանութիւնները շարունակեն բռնութիւն կիրարկել ցուցարարներուն դէմ, ապա Ներկայացուցիչներու տունը կրնայ նոր պատժամիջոցներ սահմանել այն անձերուն դէմ, որոնք որեւէ կապ ունին ուժի կիրարկման հետ:

Եւրոպական Միութիւնը Կը Յորդորէ
Նոր Ընտրութիւններ Կատարել

«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ յորդորած է կազմել նոր կառավարութիւն, որմէ ետք երկրին մէջ պիտի կայանայ ազատ եւ արդար նախագահական ընտրութիւն: Միութիւնը այս յայտարարութիւնը կատարած է երկուշաբթի օր, սակայն Ուքրանիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին կոչ չէ ուղղած:

Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները ժողովէն ետք իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղած են Ուքրանիոյ մէջ նոր կառավարութիւն կազմելու եւ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու, սակայն որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ բարելաւել տնտեսական յարաբերութիւնները, արտաքին գործոց նախարարները պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին յայտարարութիւն չեն կատարած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES