Ալճերիոյ Մէջ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ
Ալճերիական ռազմական ճամբորդատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ հիւսիսարեւելեան Ալճերիոյ մէջ: Կը հաղորդուի, որ 103 ճամբորդներուն եւ անձնակազմին մեծամասնութիւնը արկածին զոհ դարձած է, միայն մէկ հոգի փրկուած է:
«Հերքիւլիս-130» տիպի օդանաւը Քոնսթանթին ուղղուելու ընթացքին օդերեւոյթի վատ պայմաններու պատճառով ջախջախուեցաւ Ում Պուաշի շրջանին մէջ: Օդանաւը կը փոխադրէր զինուորներ եւ անոնց ընտանիքներուն անդամները: Զոհերուն շարքին են կիներ եւ մանուկներ:
Ալճերիոյ նախագահ Ապտելազիզ Պութաֆլիքա զոհերու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց եւ երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:
CATEGORIES Միջազգային

