Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր լիբանանցի մը եւ պաղեստինցի մը (փախստական) ամբաստանեց արգելափակուած յանցագործ Ժամալ Տաֆթարտարի հետ գործակցելու յանցանքով: Սաքըր անոնց թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի դատախազ Իմատ Զէյնէտտինի, որ հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ին պիտի հարցաքննէ լիբանանցի ամբաստանեալը:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ուրբաթ, 14 փետրուար 2014-ին, պետական բոլոր հաստատութիւնները, քաղաքապետարաններն ու դպրոցները պիտի մնան փակ` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Թ. տարելիցին առիթով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգները եւ անոնց պետը` Մաժետ Մաժետ գործադրած են իրանեան դեսպանատան դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը:
ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ երէկ առաւօտեան լսուած պայթումները հետեւանք էին Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուող ռմբակոծումներուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Հըզպալլա Հարաւային արուարձաններուն մէջ բացայայտած է ՏԱՀԵՇ-ի յատուկ ահաբեկչական բջիջ մը, անճիշդ են:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը Անֆէի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի Ժամիլ Հասանը` Թրիփոլիի պայթումներուն մեղսակցելու յանցանքով: Աւելի ուշ, Հասան ազատ արձակուեցաւ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կը հետապնդէ այնպիսի անձեր, որոնք անդամ են ահաբեկչական շարժումներու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` ապագայ ճամբու քարտէս մը պատրաստելու նպատակով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ սալաֆականներուն միջեւ անուղղակի երկխօսութիւն մը կը տիրէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զերօ կէտի հասցնելու մասին տեղեկութիւնները սխալ են` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին կարելի չէ կազմել կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Իրան կը փափաքի խոչընդոտել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը տակաւին սառած վիճակի մէջ կը գտնուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Թրէյսի Շամուն շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելը ազգային միասնականութիւնը հարուածելու համազօր քայլ մըն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է աճապարեն կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կը շարունակէ լուսարձակներէ հեռու:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ապահովական կառոյցները շատ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը պատրաստ է եւ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի հրաժարի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յանձնառու է Բ. իշխանութեան իրաւունքները յարգելու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իրենք պիտի չյանձնուին` աւելցնելով, որ բոլորը պատրաստ են զիջելու Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ կոչ ուղղեց կառավարութիւն մը կազմելու` աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ կը մնայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանը խորհուրդ տուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին չաճապարելու, եթէ քաղաքական ուժերը համախմբող կառավարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուի:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալ Եապրուտի ճակատամարտէն պիտի չազդուի եւ չի փափաքիր Հըզպալլայի հետ բախում ունենալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման համոզուած է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է Մուսթաքպալ հոսանքին յանձնուի:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է զօրակցին բանակին, որ Լիբանանի գոյատեւման պայքարը կը մղէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթը կարելի չէ մասնակի կերպով ընդունիլ, այլ պէտք է զայն ամբողջական կերպով ընդունիլ:

