Փ. Մանճեան. «Մէկ Կամ Երկու Ամսուան Կեանք Ունենալիք Կառավարութիւն Մը Կազմելու Համար Հերթագայութեան Սկզբունքը Ամլացնող Նախապայման Է»

Panos ManjianՊետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն մէջ նկատի պէտք է առնել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին իրաւունքները:

Ան շեշտեց, որ մէկ կամ երկու ամսուան կեանք ունենալիք կառավարութիւն մը կազմելու համար հերթագայութեան սկզբունքը ամլացնող նախապայման է:

Փ. Մանճեան ընդգծեց, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու պահանջը հակառակորդ քաղաքական ուժերուն պահանջն է, որ կը միտի Հըզպալլան հեռացնել կառավարութենէն:

«Մենք բոլորէն աւելի կը փափաքինք կազմել կառավարութիւն մը, որ նախագահական ընտրութիւն կը կազմակերպէ, որպէսզի կանխարգիլենք երկրին անիշխանութիւնը», ըսաւ Փ. Մանճեան:

Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած:

Share this Article
CATEGORIES