Քաչիա. «Կը Զօրակցինք Պքերքէի Փաստաթուղթին»
Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա շեշտեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Պքերքէի հրապարակած փաստաթուղթին` մաղթելով, որ ժողովրդավարութիւնն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական ժամկէտները յարգուին:
«Վատիկան Պքերքէի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթը ուրախութեամբ ստացաւ, որովհետեւ անիկա հիմնուած է Ֆրանչիսկոս պապին կեցուածքներուն վրայ: Լիբանանի մասին Վատիկանի պատկերացումը կը նոյնանայ մարոնի պատրիարքութեան պատկերացումին հետ», ըսաւ Քաչիա եւ շնորհաւորեց Պքերքէն անոր հրապարակած Ազգային փաստաթուղթին առումով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ Կարտինալներու խորհուրդի ժողովին պիտի քննարկէ՞ այդ փաստաթուղթը, Քաչիա յայտնեց, որ Հռոմի մէջ բոլորը տեղեակ են լիբանանեան իրադարձութիւններէն եւ ի հարկէ` Ռայի պատրիարքը պիտի քննարկէ երկրին իրավիճակն ու Պքերքէի փաստաթուղթը` Կարտինալներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:

