Քանաան. «Պքերքէի Փաստաթուղթին Զօրակցութիւն Յայտնեցինք` Զայն Լաւ Մը Սերտելէ Ետք»

kenaanՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը Պքերքէի փաստաթուղթին զօրակցութիւն յայտնած է` լաւ մը սերտելէ ետք զայն:

Քանաան շեշտեց, որ կարելի չէր համաձայնութիւն յայտնել այդ փաստաթուղթին, առանց վստահ ըլլալու, թէ անոր հիմնական յօդուածները կը համապատասխանեն համախմբումին սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն:

Ան հաստատեց, որ փաստաթուղթին մէջ նշուած գլխաւոր կէտերը ազգային են եւ ոչ թէ քրիստոնէական:

«Պքերքէի փաստաթուղթը Ազգային ուխտին կը համապատասխանէ եւ կը վերյիշեցնէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ազգային ուխտին համապատասխանել: Ազգային ուխտ, որ կը նշանակէ սկզբունքներուն կառչած մնալ եւ ոչ թէ նուազագոյն դժուարութեան պարագային հրաժարիլ ազգային սկզբունքներէն եւ շահերէն: Ազգային ուխտի համապատասխանել կը նշանակէ համերաշխ ապրիլ եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը պահպանել», ըսաւ Քանաան:

Ան աւելցուց, որ Պքերքէի փաստաթուղթը կը հաստատէ, որ ազգային համերաշխութեան հետ հակադրուող որեւէ իշխանութիւն ապօրինի կը նկատուի եւ ոչ ոք առանձինն կրնայ ճշդել ազգային ընտրանքները, ընդհակառակն` երկրին իշխանութիւնն է, որ կը ճշդէ ազգային ընտրանքները:

Քանաան կոչ ուղղեց ազգային այդ նպատակներուն համար աշխատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել պետութիւնը` աւելցնելով, որ Պքերքէի փաստաթուղթը ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն է:

Նշենք, որ երեկոյեան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քանաանի հետ եւ կոչ ուղղեց անոր Պքերքէի փաստաթուղթը գործադրութեան դնելու ի շահ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES