Նախագահ Սլէյման Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Նիկերիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը

Նախագահ Սլէյման եւ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ

Նախագահ Սլէյման եւ հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով անոր ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու Մաալուլայի առեւանգուած մայրապետները ազատ արձակելու ջանքերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի սննդական ծրագիրի պատասխանատու Իմատ Սալեհ:

Քննարկուեցան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ՄԱԿ-ի տրամադրած սննդական օժանդակութիւններուն բաշխման վերաբերող հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES