«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Ստանայ Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երկու շաբաթ տեւող այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի Կարտինալներու խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Նախքան իր մեկնումը, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ տասը ամիսէ ի վեր ինք կ՛ընդգծէ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
«Եթէ Լիբանանի մէջ կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որ բոլորը կը գոհացնէ, ապա երկրին մէջ պէտք չէ տագնապ ստեղծուի: Համոզուած եմ, որ ներկայիս յարմար առիթը չէ նոր տագնապ մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ու նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի արժանապատուութիւնը չի ներեր, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն չի ստանար: Տասը ամսուան սպասումէ ետք խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանի չեղող կառավարութեան մը կազմութիւնը իրապաշտ մօտեցում չէ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
«Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կազմակերպէ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը: Մենք համաձայն ենք այնպիսի կառավարութեան մը, որ երկրին մէջ տագնապ չի ստեղծեր», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

