Թրքական Մամուլը Դարձեալ Անդրադարձած Է Հայաստանի Հետ Սահմանի Ականազերծման Աշխատանքներուն

turkey-armeniaԹրքական «Աքշամ» օրաթերթը դարձեալ յիշեցուցած է Եւրոպական Միութեան հետ ծրագիրի մը իրականացման մասին, որով կը նախատեսուի ականազերծել Հայաստանի եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ սահմանները:

Կը նշուի, որ առաջին հանգրուանին պիտի ականազերծուի 11 միլիոն 665 հազար քառակուսի մեթր տարածք: Աւելի ուշ, սահմաններուն վրայ հսկողութիւնը պիտի սկսի կատարուիլ նոր ճարտարագիտական սարքաւորումներով, ներառեալ` այսրկարմիր եւ ջերմային տեսախցիկներով:

Յիշեալ ծրագիրին գումարը կը կազմէ 52 միլիոն 450 հազար եւրօ, որուն 75 առ հարիւրը կը յատկացնէ Եւրոպական Միութիւնը, իսկ 25 առ հարիւրը` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )