Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Իսլամական Յեղափոխութեան 35-ամեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին` Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակին 35-րդ տարեդարձին առիթով:

Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES