Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Ղարաբաղեան Հարցը

Սթիվըն Փաունտ

Սթիվըն Փաունտ

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ հայամէտ կեցուածքներով յայտնի երեսփոխան Սթիվըն Փաունտ առաջարկած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ կազմակերպել քննարկումներ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը յստակացնելու համար:

Փաունտ ընդգրկուած է ազրպէյճանական «սեւ ցուցակին» մէջ: Ան 2007-ին այցելած էր Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES