Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց Պարսելոնայի
Նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ յաղթելով իր «ոխերիմ» մրցակիցին` Պարսելոնայի, բաւական գերլարուած ճակատումէ մը ետք տիրացաւ Սպանիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Արքայական խումբը իր այս յաղթանակը արձանագրեց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 77-76 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆերնանտես (Ռէալ Մատրիտ` 19 կէտ):
Նշենք, որ մայրաքաղաքի կազմը 24-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանար այս տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

