Գերմանիոյ Եւ Սպանիոյ Բաժակի Մրցաշարքեր. Տորթմունտ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

ronaldoԳերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պորուսիա Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:

Տորթմունտի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Օպամեյանկ (83-րդ):

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մնացեալ մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Պայէր Լեւերքուզըն – Քայզըրսլաութըրն (Բ.) 18:00
Հոֆընհայմ – Վոլֆսպուրկ 18:00
Համպուրկ – Պայէրն Միւնիխ 19:30

ՍՊԱՆԻՈՅ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին, երէկ գիշեր Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլեթիքօ Մատրիտին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին եւս իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Մրցումին երկու կոլերն ալ փենալթիներով նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (7-րդ եւ 16-րդ):

Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, երբ Ռէալ Սոսիետատ հիւրընկալէ Պարսելոնան: Երթին Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )