ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՒՑՄԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

«ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՀԱՒՈՐ ԲԵՌԱՆ ՏԱԿ ԿՔԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՈՒԱՒ
ՈՒԺ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՑ ԱՆՈՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»

ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ

Ձեռնարկին ներկաները

Վճռական կամքով, հայու ամուր հաւատքով, իր մեծ ընտանիքի երկու ժառանգորդներէն մէկը ըլլալու հանգամանքով, մօրը կողմէ տրուած լռելեայն պատգամով եւ միակ գնդակով մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն վրէժը լուծած ու թուրք ոճրագործ ղեկավարներէն Թալէաթ փաշան զգետնելով համայն հայութեան գլուխը բարձր պահած Սողոմոն Թեհլիրեանի արդարահատուցման արարքին 90-ամեակը արժանաւոր կերպով նշուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 24 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մանօ Մարտիրոսեան, որ նշեց, թէ նման հանդիսութիւններ առիթ են յարգելու յիշատակը այն բազուկներուն, որոնք արդարահատուցումը կատարեցին, իսկ այսօր անոնք երիտասարդներուն յատկապէս կը պատգամեն պայքարը շարունակել, թէկուզ տարբեր ձեւերով եւ ուղիներով: Ան շեշտեց, որ մեր վրիժառու բազուկներուն արդար ժառանգորդները ըլլալու համար մենք եւս պէտք է ունենանք խոր հաւատք, կառչինք ազգային վեհ գաղափարաբանութեան` աւելցնելով, որ Թեհլիրեանի ու իր փաղանգին պատկանողներուն սկսած ուղին իր աւարտին չէ հասած, որովհետեւ տակաւին հայութեան նկատմամբ արդարութիւն չէ տնօրինուած եւ հատուցում չէ կատարուած:

Մանօ Մարտիրոսեան

Մ. Մարտիրոսեան հաստատեց, որ հայութիւնը իսկապէս մեծ յաղթանակը տարած կ՛ըլլայ, երբ կարենայ վերականգնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը, որուն հասնելու համար Սողոմոն Թեհլիրեան խթան է եւ ներշնչման աղբիւր:

Ապա ցուցադրուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի արդարահատուցման գործողութիւնն ու դատավարութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որուն մէջ յատկապէս շեշտը դրուեցաւ այն երեւոյթին վրայ, որ այս արարքը առիթ եղաւ Հայ դատը Գերմանիոյ դատական ատեանին մէջ ներկայացնելու եւ անոր մասին լայնօրէն խօսելու:

Օրուան պատգամը փոխանցեց գրող եւ հրապարակախօս Գէորգ Ճ. Աբէլեան, որ շեշտը դրաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կատարած արարքին նուիրականութեան ու հպարտութիւն առթող ըլլալուն վրայ` հաստատելով, որ վճռական բազուկը ոչ միայն արիւնարբու Թալէաթի պիղծ գոյութենէն ազատեց հայութիւնը եւ ուրախութիւն պատճառեց անոր, այլ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր բեռան տակ կքած ժողովուրդին տուաւ ուժ եւ վերականգնեց անոր արժանապատուութիւնը:

Գէորգ Ճ. Աբէլեան

Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ հայութեան կողմէ տրուած որոշումը` ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին տրուած, հայութեան դէմ կատարուած սպանդին պատասխանատուներուն արժանի պատիժը տալու եւ ֆիզիքապէս պատժելու զանոնք: Այսպիսով ընթացք առած գործողութիւններուն կարգին յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի հրաշալի արարքը, որով տապալեցաւ այն հրէշը, որ հաստատած էր հայութեան դատին լուծումը եւ թանգարանին մէջ միակ հայ մը պահելու թրքական քաղաքականութեան իրականացումը: Գ. Աբէլեան դիտել տուաւ, որ Թեհլիրեանի վրիժառու արարքը սփոփիչ եղաւ հայութեան համար, բարձրացուց անոր ճակատը, վերականգնեց Հայոց ցեղասպանութեամբ ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը:

Ապա օրուան բանախօսը ներկայացուց Թալէաթի ահաբեկման հանգրուանները, գործողութեան կատարման պահը կենդանացուց` անդրադառնալով նաեւ այն դժուար կացութիւններուն, որոնց մէջ կը գտնուէին այս գործողութիւնները կատարելու կոչուած խումբերու տղաքը, որոնք երբեմն ստիպուած կ՛ըլլային հայկական ջարդերուն մասին հպարտութեամբ եւ ծիծաղով խօսող ոճրագործներուն կողքին գտնուիլ: Գ. Աբէլեան դիտել տուաւ, որ հպարտալի գործողութիւնը կատարելէ ետք քաջասիրտ Թեհլիրեան մնաց ոճիրի վայրին մէջ, որպէսզի ձերբակալուի եւ Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին արծարծման առիթ տայ: Բանախօսը հաստատեց, որ ոչ միայն ոճրագործը զգետնելու իմաստով մեծ յաջողութիւն արձանագրեց հայ նահատակներուն արժանի զաւակը, այլ ան նաեւ յաջողեցաւ Հայ դատը լայնօրէն արծարծելու եւ իր ինքնապաշտպանութեան մէջ դիտել տալու, որ ինք գործադրեց մեր նահատակներուն եւ յատկապէս իր մօր ու իր ընտանիքի 85 նահատակներուն կտակը: Ան նշեց, որ դատաւորները տեղի ունեցածը սերտելէ եւ ինքնապաշտպանութիւնը լսելէ ետք հաստատեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի անմեղութիւնը, որովհետեւ անոր գործածը ոճիր չէր:

Գ. Աբէլեան յայտնեց, որ Թալէաթ փաշա հայութեան բնաջնջման իր երազը չկրցաւ իրականացնել ու արժանի պատիժը ստացաւ հայկական բազուկին կողմէ, սակայն ան տակաւին յարգուած կը մնայ Թուրքիոյ մէջ` ամերիկեան հովանաւորութեամբ, որովհետեւ տակաւին միջազգային մակարդակի վրայ հայութեան նկատմամբ արդարութիւն չէ հաստատուած:

Իր խօսքի աւարտին բանախօսը հաստատեց, որ Թեհլիրեանին եւ իր ուղիին վրայ պատուաբեր գործ կատարողներուն յիշատակը յաւերժ օրհնեալ պիտի մնայ, անոնք առյաւէտ արժանի պիտի ըլլան համայն հայութեան յարգանքին, իսկ անոնք իրենց իսկական եւ հարազատ տեղը պիտի գտնեն մեր անկախ ու ամբողջական Հայաստանին մէջ:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Նայիրի Ղազարեան` նուագ, Սէրօ Քելուկեան` ասմունք, տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի, Սերոբ Յակոբեան` երգ: Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին 1980-ականներուն արձանագրուած վիտէօ երիզով իր վկայութիւնը տուաւ Խորէն Փափազեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Share this Article
CATEGORIES