Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Վաղը` 2013-ի Մրցանակաբաշխութիւնը
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 13 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ 2013-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին մրցանակաբաշխութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 18:00-ին սկսելիք այս մրցանակաբաշխութիւնը, որ պիտի տեւէ շուրջ մէկ ժամ, տեղի պիտի ունենայ Հազմիէի քաղաքապետութեան շէնքին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

