Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Միամտաբար ըսուած խօսք մը աւելի ազդեցութիւն կը գործէ խօսակցին վրայ, քան` երկար բարակ մտածուած կարծիք մը: Մնացէք պարզ ու խաղաղ, ձեր ընելիքներուն մասին եղէք անհոգ, ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրուան ընթացքին ձեզի հանդիպած անձերը մտածել պիտի տան ձեզի, որպէսզի յաւելեալ սերտողութիւն մը կատարէք տուեալ խնդիրին շուրջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քանի մը բարեկամներով հետեւեցէք մարզական-առողջապահական փորձերու: Խմբական գործունէութիւնը դիւրին եւ հաճելի կ՛ըլլայ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր որոշումն է ամէնէն լաւը: Կրնաք սխալիլ, հետեւաբար գացէք նոյն հարցին մէջ փորձառութիւն ունեցողին: Ան պիտի ճշդէ ձեր ուղղութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ունիք ընտանի անասուններ, անոնց առողջութեան հոգ տարէք, որովհետեւ կրնան ախտ մը ունենալ եւ փոխանցել շրջապատին: Աւելի լաւ կ՛ընէք, եթէ հեռու մնաք ընտանի կոչուած անասուններէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ունիք մշակելի պարտէզ կամ պարզապէս ձեր բնակարանը զարդարած բոյսեր, խնամեցէք զանոնք ըստ եղանակի եւ հետեւեցէք բուսաբաններու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք նորութիւն ստեղծելու կարողութիւն: Ձանձրոյթէն հեռու մնալու միակ ճարը աշխատանքն է: Կրնաք կամաւոր գործ մը կատարել եւ օգտուիլ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզմէ պիտի պահանջուի օգտակար ըլլալ անտէր անձի մը, գոնէ` առ այժմ, որպէսզի զայն դուրս բերէք իր առանձնութենէն. օգնեցէք ըստ կարելւոյն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բախտը հետապնդելը անիմաստ է: Ան կը ժպտի ձեզի, երբ ինք կ՛ուզէ: Կարեւոր է աշխատանքով տարուիլ եւ մտածել անկարելիին մասին: Օրը ունի հաճելի նորութիւններ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ հետեւիք ուրիշներուն ըրածին, կերածին կամ հագուածքին: Մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք: Ձեր ունեցածը եւ կատարածը նկատեցէք լաւագոյնը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր յստակ ծրագիր մը չունիք, հետեւաբար պիտի ունենաք ազատ ժամեր` հետաքրքրուելու հարազատներու եւ բարեկամներու որպիսութեամբ: Այս ալ կարեւոր աշխատանք նկատեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիճակահանութեան տոմս մը փորձեցէք բախտաւորուելու համար: Կրնայ բախտը ժպտիլ ձեզի: Երազելն ալ առողջութիւն կը պարգեւէ, փորձեցէք:

Share this Article
CATEGORIES