50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1964)

Ռապինտրանաթ Թակոր Եւ Հայաստան

Հայեւհնդկական գրական կապերու պատմութեան մէջ ուշագրաւ էջ մըն է Ռապինտրանաթ Թակորի անձնական ծանօթութիւնները հայ գործիչներու հետ եւ անոր կարծիքը հայերու մասին: Ինչպէս յայտնի է, 1925 յունուար 31-ին հնդիկ գրագէտը այցելած է Վենետիկ` Մխիթարեաններու միաբանութիւնը: Զինք դիմաւորողներուն մէջ եղած է նաեւ Աւ. Իսահակեան, որուն «Պարտիզպան»-ը (հայերէն) գիրքին վրայ օտար այցելուն մակագրութիւն մը զետեղած է: Ճաշի ժամանակ Մխիթարեանները Թակորին նուիրած են «Բազմավէպ»-ի Պայրընի նուիրուած թիւերը եւ հայկական գիրքեր: Իրեն հանդէպ եղած այս սիրալիր վերաբերումէն զգացուած` հնդիկ մեծ բանաստեղծը յուզումով ըսած է. «Ձեր ջերմ եւ սիրակէզ ընդունելութիւնը կը պարտադրէ, որ նորէն վերադառնամ ձեր մօտ: Պիտի վերադառնամ գարնան վարդերով, ոչ թէ իբրեւ օտարական, այլ` իբրեւ մէկը, որ կու գայ իր տունը, մտաւորականութեան տունը»:

Թակոր կապեր ունեցած է նաեւ հնդկահայ մեծ գիտնական Սերովբ Սեթեանի հետ: «Հայերը Հնդկաստանի մէջ» անգլերէն գիրքի (1937, Կալկաթա) կապակցութեամբ, հայ գիտնականը իր նամակներէն մէկուն մէջ գրած է. «Աշխարհահռչակ հնդիկ քերթող եւ հռետոր տոքթ. Ռ. Թակոր բարեհաճ է իմ երկը կոչել` «Արձան բազմաքերթն հետազօտութեանց»:

Թակորի երկերուն թարգմանութեան մէջ ուշագրաւ են «Գիթանջալի»-ի բազմաթիւ թարգմանութիւններն եւ հրատարակութիւններ: Երկը թարգմանած են` Համլիկ Թումանեան, Վրթանէս Փափազեան, Ս. Չթչեան, Տիրայր արք. Տէր Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ:

Թակորի ստեղծագործութիւններուն թարգմանութեան եւ հրատարակութեան երրորդ շրջանը 1950-էն կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: 1954-ին Թեհրանի մէջ լոյս տեսաւ «Գիթանջալի» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն` նոր թարգմանութեամբ (անգլերէնէ), բանաստեղծ Երուանդ Փափազեանի թարգմանութեամբ: Հայաստանի մէջ 1955-ի վերստին հրատարակուած է «Պարտիզպանը» հաւաքածոն, իսկ 1959-ին, ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանուած է «Կորա» վէպը: Բանաստեղծին ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, 1961-ին նորէն լոյս տեսան «Պարտիզպանը» եւ «Գիթանջալի» հաւաքածոները մէկ գիրքով, իսկ մամուլի մէջ հրատարակուեցան բազմաթիւ յօդուածներ:

Ռապինտրանաթ Թակոր հնդկական գրականութեան այն բացառիկ դէմքն է, որ լայն համբաւ վայելած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ եւ ունի իր ընթերցողները եւ երկրպագուները:

Ս. ՈՒՄԱՌԵԱՆ

 

Վազգէն Ա.-ի Կոնդակը Զարեհ Ա.-ի Տարելիցին Առիթով

Վազգէն Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի Եւ Ողորմութեամբն
Աստուծոյ Եւ Կամօքն Ազգի Եպիսկոպոսապետ Եւ
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Ծայրագոյն Պատրիարք Համազգական
Նախամեծար Աթոռոյ Արարատեան Առաքելական
Մայր Եկեղեցւոյ Սրբոց Էջմիածնի

Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորենաց Ա. Շնորհազարդ Կաթողիկոսի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Քրիստոսաւանդ Սիրոյ Ողջոյն Յանթիլիաս

Այսօր, երբ Ձերդ Սրբութիւնը եւ Աթոռիդ միաբանութիւնն ու ժողովուրդը երկիւղածութեամբ կ՛ոգեկոչեն յիշատակը հանգուցեալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, Մենք եղբայրաբար ձեր կողքին կը գտնուինք Ձեզի վշտակից եւ Ձեզի աղօթակից:

Մեծ վիշտ մը եղաւ այս նաեւ Մեզի համար, վաղաժամ ու ողբերգական մահ սիրեցեալ Զարեհ եղբօրը Մեր, որմէ եօթը տարիներ առաջ, տխուր օր մը սիրոյ համբուրիւ բաժնուած էինք, ուրախ օր մը զիրար վերստին ողջունելու յոյսով: Քանի անգամներ, Մեր սրտի բովանդակ ջերմութեամբ փնտռեցինք մենք այդ ուրախ օրը, որ սակայն աւաղ ուշացաւ, եւ հոգելոյս Հայրապետը իր աչքերը փակեց տրտում, յուսաբեկ:

Այսօր, մեզի ամէնուս կը մնայ աղօթել միայն, որ Տէրը յաւերժական խաղաղութեան մէջ` սուրբ եւ պայծառ պահէ հանգուցեալ հայրապետի բարի ու արդար հոգին, հոգի մը, որ շատ սիրեց իր Մայր եկեղեցին եւ իր ժողովուրդը համայն, հոգի մը, որ լուռ տառապեցաւ անոնց ցաւերով, եւ անձայն շիջեցաւ, ըսելու համար բոլոր հայերուն` «Սիրեցէ՛ք զմիմեանս»:

Այսօր, Մեր աղօթքին մէջ կայ նաեւ յոյսը եւ հաւատքը վառ, թէ կենդանի է Անոր լոյս հոգին, որ այժմ բոլորին կը բաշխուի իբրեւ սիրոյ եւ միութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդ:

Երանաշնորհ Հայրապետի յիշատակին առաջ, մեր Սուրբ Սեղաններուն բոլոր սպասաւորները եւ մեր ազգին բոլոր զաւակները անգամ մը եւս թող ուխտեն` մէկ եւ ամբողջ ու անխռով պահպանելու Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին եւ համայն ժողովուրդը հայոց:

Ամենայն հայոց մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ Հայաստանի Մայր հողէն ողջոյն եւ օրհնութիւն աստուածային` հանգուցեալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի լոյս յիշատակին:

Թող Աստուած հարցն մերոց, անշարժ պահէ Քրիստոսակերտ մեր Ս. Եկեղեցին, եւ յաւէտ կենդանի ու շէն, հաւատացեալ ժողովուրդը մեր, մէկ ու անբաժան:

Փրկչի իջման Սուրբ Տաճարի մէջ, Մեր նախագահութեամբ հանդիսաւոր հոգեհանգսեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի 16 փետրուարին, երջանկայիշատակ Հայրապետի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ: Հրահանգած ենք Մեր բոլոր թեմերուն որ նոյն առթիւ հոգեհանգսեան պաշտօն կատարեն իրենց եկեղեցիներուն մէջ:

Ձերդ Սրբութեան աղօթակից եղբայր:

ՎԱԶԳԷՆ Ա.
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ Կոնդակս ԼՅՆ փետրուարի
1964 Փրկչական ամի,
Եւ ի տումարիս Հայոց ՌՆԺԳ,
Ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի
Հմր-473

 

 

Share this Article
CATEGORIES