Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս
Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է:
Ս. Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան` զինուորական ծառայութիւն կը կատարէ Շապուհ թագաւորին մօտ: Իմանալով, որ Սարգիսը քրիստոնեայ է, Շապուհը կը պահանջէ, որ ան երկրպագէ կրակին, սակայն Սարգիս կը մերժէ եւ կը կործանէ բագինը: Զայրացած ամբոխը կը յարձակի եւ կը սպաննէ անոր որդին, իսկ Սարգիսը կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի: Կը սպաննուին նաեւ անոր հաւատարիմ 14 զինուորները:
Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Մ. Մաշտոց անոր մասունքները Հայաստան բերել կու տայ: Մասունքները կ՛ամփոփուին Կարբի աւանին մէջ, իսկ Ուշիի մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ կը կառուցուին անոր անունը կրող առաջին եկեղեցիները. այսպէս, Սարգիս Զօրավարը կը սրբացուի հայոց եկեղեցւոյ կողմէ` իբրեւ քրիստոնէութեան համար մարտնչող նահատակ:
Ս. Սարգիս,
Որպէս Սիրահարներու Տօն
Ժողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Սարգիսը կը սիրահարուի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն: Հետապնդողներէն ազատելու համար ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ եւ շատեր խեղդամահ կ՛ըլլան: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տարի տօնի օրերուն բուք կը բարձրանայ: Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարածները Ս. Սարգիսը ընտրած են որպէս իրենց բարեխօսը: Ան միշտ կ՛օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ: Բայց մինչ այդ անոնք պէտք է հետեւին Գրիգոր Լուսաւորիչի սահմանած առաջաւորաց պահին:
Ժամանակի ընթացքին Ս. Սարգիսի տօնը անփոփոխ մնացած է, սակայն վերջին տարիներուն, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Ս. Սարգիս զօրավարին տօնը հռչակուած է որպէս երիտասարդներու օրհնութեան օր, եւ Ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
Ժողովրդական Աւանդութիւններ
Եկեղեցականի զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ: Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…
Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տայ: Այդ գիշեր տանտիկինները սկուտեղի մը վրայ փոխինդ կը լեցնէին եւ կը սպասէին, որ գիշերը Ս. Սարգիսը այցելէ իրենց եւ իր ձիուն պայտին հետքը կը ձգէ փոխինդին վրայ: Շաբաթ առաւօտեան այդ փոխինդէն խաշիլ կը պատրաստէին եւ պասը կը բանային: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՞վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:
Նշենք, որ Ս. Սարգիսը շարժական տօն է, այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն կը յաջորդէ Մեծ պահքը, այնուհետեւ` Զատիկը:
Հայաստանի մէջ Ս. Սարգիսի տօնին օրը Ս. պատարագ կը մատուցուի սուրբին անունը կրող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Մայր աթոռ Ս. էջմիածինէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Ս. Սարգիս Զօրավարին մասունքները: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ՛ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով` Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանէն առաջնորդանիստ եկեղեցի պիտի բերուի նաեւ 17-րդ դարու ձեռագիր աւետարանը, որ գրուած ու պահուած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 2-րդ դարու սկիզբը:
Երեքնուկ
Ա՜խ, ես գիտեմ, չէիր սիրում,
Հիմա գիտեմ ես անկասկած…
Վազվզում ենք մենք սէզերում,
Խոտերի մէջ խոնաւ ու թաց:Յետոյ նստում ուրախ ու գոհ,
Երեքնուկի թուփ ենք քաղում
Եւ այդ ծանօթ երեքնուկով
«Սիրեմ-սիրեմ» անվերջ խաղում:Անուններում երեք հոգու
Եւ դու կաս միշտ, եւ ես միշտ կամ:
Քո անունն եմ ես միշտ պոկում,
Իսկ դու իմը` ոչ մի անգամ:Որքան անգամ եմ ես վանել
Տխուր մտքերն ինձնից հեռու
Եւ վախեցել եմ միտք անել,
Որ դու… որ դու ինձ չես սիրում:Չէ, ինձ չէիր, չէիր սիրում…
Թէ չէ , ի՞նչ է, բա՞րդ է այդքան
Գտնել երեք անուններում
Իմ անունը գէթ մի անգամ:Պ. ՍԵՒԱԿ
Եար Առանց Քեզ
Հազար տարուան կեանք թէ ինձ տան,
Եար, առանց քեզ ինչի՞ս է պէտք,
Հազար ու մի փառք թէ ինձ տան,
Եար առանց քեզ ինչի՞ս է պէտք:Հազար կարօտ, հազար մուրազ
Ունիմ սրտիս, ո՜վ իմ երազ,
Հազար դրախտ Աշոտիս տան,
Եա՛ր, առանց քեզ ինչի՞ս է պէտք:ԳՈՒՍԱՆ ԱՇՈՏ
Ես Կ՛ուզէի
Ես կ՛ուզէի քեզ հետ կիսել
Վերջին պատառն իմ հացի,
Ես կ՛ուզէի քեզ հետ կիսել
Վերջին արցունքն իմ լացի:
Ես կ՛ուզէի քեզ հետ կիսել
Սրտիս բեկորը վերջին,
Ես կ՛ուզէի` քո գրկի մէջ
Մթներ իմ օրը վերջին…
Ես կ՛ուզէի` ինչ որ ունեմ
Իբրեւ նուէր տայի քեզի,
Ես կ՛ուզէի… Բայց ի՞նչ անեմ,
Եթէ յանկարծ դու չուզես:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Ասում Են
Ասում են, թէ` դու այնպէս
Մոռացել ես ինձ այնպէս,
Որ երբ անունս են տալիս,
Հազիւ միտքդ եմ գալիս:
Բայց, նազելի՛ս, ձեր բակում,
Այն լորին է դեռ ծաղկում,
Որի քնքուշ բոյրի մէջ
Քեզ գրկեցի սիրատենչ:
Ու գրկիս մէջ այսօր դեռ
Կիզող կրակ է վառուել,
Իսկ երբ անունդ են տալիս,
Սիրտս արիւն է լալիս:
Ա՜խ, իրա՞ւ է` դու այնպէս
Մոռացել ես ինձ այնպէս,
Որ երբ անունս են տալիս,
Հազիւ միտքդ եմ գալիս…Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
1923, Վենետիկ
Ի՞նչ Հիւրասիրել Սիրահարներու Տօնին
Ելակով Եւ Տուրմով Քաղցրեղէն
Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.
- 16 ելակ
- Կիսաքաղցր տուրմ
- Ներկայանալի տուփ մը կամ աման մը հրամցնելու համար
Պատրաստութեան եղանակը.-
Ելակները լուացէք, ցամքեցուցէք կոթերը վրան ձգելով:
Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէք, վրան խորունկ ապակեայ աման մը դրէք եւ աւելցուցէք կտրտուած տուրմը: Երբ հալելու սկսի քիչ-քիչ խառնեցէք: Երբ տուրմը լման հալի, կրակին վրայէն հանեցէք եւ շարունակեցէք խառնել, մինչեւ որ միատարր նիւթ մը ստանաք:
Ելակները կիսով թաթխեցէք տուրմին մէջ եւ շարեցէք բաց ամանի մը վրայ, յետոյ սառնարանը զետեղեցէք մինչեւ որ տուրմը լաւապէս կարծրանայ:
Հրամցնելու ժամանակ զանոնք զետեղեցէք գեղեցիկ տուփի մը մէջ:
Խոհագիր
Սրտաձեւ Կրկնեփ Աղով
Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի տօնին նախօրեակին չամուսնացած աղջիկներն ու տղաները աղի կրկնեփ կ՛ուտեն: Սխալ է այն կարծիքը, թէ կրկնեփը պէտք է պատրաստէ տարիքով մեծ, այրի կինը: Կրկնեփը պէտք է պատրաստէ հաւաքուած կիներէ ամենաերջանիկը, ան, որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած է:
Բաղադրութիւն
- Ալիւր
- Աղ
- Ջուր
Պատրաստութիւն
Ալիւրը մաղել, աւելցնել բաւական մեծ քանակութեամբ աղ եւ խառնել:
Քիչ-քիչ աւելցնել ջուրը, այնքան, որ ստացուի բաւական պինդ խմոր մը:
Խմորը բանալ, սրտաձեւ կաղապարով կտրտել եւ շարել ափսէին մէջ: Նախքան փուռ մտցնելը` իւրաքանչիւր սիրտի վրայ 3 հատ բացուածք բանալ:
Փուռին մէջ եփելէ ետք, առնել նախընտրաբար կարմիր ժապաւէնները, եփած սրտիկներուն բացուածքներէն անցընել եւ գեղեցիկ հանգուցել (տես նկարը):



