Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սպահան

Սպահանի Եւ Իրանի Կեդրոնական Շրջանի
Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարին Այցելութիւնը`
Ս. Ամենափրկչեան Վանք

amenapergichՅունուար 22-ին, Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայ նահատակներէն Վրէժ Բաղումեանի ընտանիքի անդամներուն այցելութենէն ետք,  Ս. Ամենափրկչեան վանք ժամանեց Սպահան, Եազտ եւ Չհարմահալ նահանգներու բանակի ընդհանուր հրամանատար Ռեզա Ճահատի եւ իր պատուիրակութիւնը: Զօրավարը դիմաւորուեցաւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Ճահատի իր ուրախութիւնը յայտնեց առաջին անգամ ըլլալով ազգային առաջնորդարան այցելելուն առթիւ եւ խօսեցաւ բանակի ընդհանուր գործունէութեան մասին: Ան հաստատեց, որ բանակի հրամանատարութեան կողմէ շարունակ ուշադրութեան առարկայ են երկրի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան ծիրէն ներս զոհուածներու ընտանիքները, որոնց զանազան միջոցներով կը փորձեն նեցուկ հանդիսանալ եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել, աւելցնելով, որ անոնք բնաւ խտրութիւն չեն դներ քաղաքացիներու միջեւ:

Ան շեշտեց կրօններու հետեւորդներու խաղաղ համագոյակցութեան կարեւորութիւնը, որուն որպէս արդիւնք` երկիրը ունի կայուն եւ ապահով վիճակ:

Բաբգէն եպս. Չարեան իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը անոնց ծառայութեան` երկրի կայունութեան եւ ամբողջականութեան պահպանման գործին մէջ, միաժամանակ շեշտելով նաեւ, որ հայ համայնքի անդամները, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պատրաստ են նոյն գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ նեցուկ կանգնիլ երկրի գերիշխանութեան` ազատութեան եւ անկախութեան պահպանման համար:

 

Ատրպատական

Ատրպատականի Հայոց Առաջնորդի Եւ
Ազգային Իշխանութեան Հանդիպումը
Թաւրիզի Քաղաքապետին Հետ

tavrizՎերջերս Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ Ազգային իշխանութիւնը հանդիպում ունեցան Թաւրիզի քաղաքապետ Նաճաֆիի հետ:

Առաջնորդը շնորհաւորեց Նաճաֆին` Թաւրիզի պատասխանատուութիւնը ստանձնելուն համար, ընդգծելով, որ  հայ համայնքը իր կարեւոր ներդրումը ունի քաղաքին մէջ:

Քաղաքապետ Նաճաֆի իր կարգին վեր առաւ հայ ժողովուրդի շինարար ու տիպար քաղաքացիի յատկութիւնները եւ գնահատեց առաջնորդին ունեցած գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ խօսուեցաւ ծրագրուած շինարարական նոր աշխատանքներու մասին, որոնց հիմնական նպատակն էր Ատրպատականի հայ համայնքին համար ստեղծել արժանապատիւ կեցութիւն` իբրեւ ազգային մեծամասնութեան մէջ փայլող գեղեցիկ տարբերակ: Քաղաքապետը ընդառաջեց շարք մը ծրագիրներու, նաեւ խոստացաւ ապագայ մեծ ծրագիրներու համար ալ օգտակար հանդիսանալ` ի շահ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Յակոբ Միքայէլեանի Պարգեւատրումը
Շարժապատկերի Ասպարէզին Մէջ

hagopԿազմակերպութեամբ Թաւրիզի քաղաքապետարանի մշակութային բաժանմունքին, 13 յունուարին Թաւրիզի Արուեստի եւ մշակոյթի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման յատուկ հանդիսութիւն` գնահատելու համար անցած 30 տասնամեակներու ընթացքին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ իր ներդրումը ունեցած արուեստագէտ Յակոբ (Սօսիկ) Միքայէլեանի: Վաստակաշատ Միքայէլեան իր նուիրեալ ծառայութեամբ եւ արուեստի բնագաւառին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններով տարիներու ընթացքին վայելած  է պետական շրջանակներու յարգանքն ու վստահութիւնը:

Բացման խօսքով Թաւրիզի քաղաքապետական խորհուրդի մշակութային բաժանմունքի կցորդ Տաւուտ Յուշենք շեշտեց հայ համայնքի դարաւոր ներդրումը երկրի բարգաւաճման գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ապա մշակութային բաժանմունքի պատասխանատու Ալեւի ներկայացուց մեծարեալը` անդրադառնալով անոր կենսագրական գիծերուն եւ  ծառայութեան շարժապատկերի մշակութային ասպարէզէն ներս:  Ապա Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը Յ. Միքայէլեանին յանձնեց թէ՛ պետութեան գնահատագրերը, թէ՛ առաջնորդական օրհնութեան գիրը եւ թէ՛ պետական յուշամետալը: Յայտնենք, թէ Թեմական խորհուրդը եւս, առ ի գնահատանք Յ. Միքայէլեանի վաստակին, արծաթեայ խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց անոր:

 

Յունաստան

 Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան
Եւ Հիմնադրութեան 31-րդ Տարեդարձի Նշում

sourp-garabedՅունուար 19-ին տեղի ունեցաւ Նէոս Քոզմոս Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, հիմնադրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձի նշում:

Թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան իր քարոզին մէջ  խօսելով  Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքին եւ ունեցած գործունէութեան մասին` վեր առաւ եւ արժեւորեց անոր համարձակախօսութիւնը, ճշմարտութիւնը բացայայտելու ուժը եւ յանուն ճշմարտութեան յանդուգն կեցուածքի որդեգրումը:

Անդրադառնալով հայրենի թէ սփիւռքահայութեան կեանքին, մանաւանդ` Սուրիոյ ու յունահայ գաղութի իրավիճակին, սրբազանը 100-ամեակի սեմին անգամ մը եւս կոչ ուղղեց` յանուն սկզբունքի, հաւատքի եւ բարոյական արժէքներուն կառչած մնալու եւ հաւաքական մասնակցութիւն բերելու մեր կառոյցներու եւ սրբութիւններու պահպանման գործին:

 

Վրաստան

Էքիւմենիք Աղօթք Թիֆլիսի
Ս. Էջմիածին Եկեղեցւոյ Մէջ

prayerՅունուար 24-ին, Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, յանուն քրիստոնեաներու միասնութեան, տեղի ունեցաւ ամէնամեայ էքիւմենիք աղօթքը` «Անհնար է Քրիստոսի մասնատումը» կարգախօսով:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ էքիւմենիք շարժման նկատմամբ Հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշման եւ գործօն մասնակցութեան միասնական աղօթքին: Ան կարեւոր նկատեց 2000-ամեայ պատմութիւն ունեցող Հայոց եկեղեցւոյ բոլոր դաւանանքներուն հետ շփումները եւ փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը էքիւմենիք աղօթքի բոլոր մասնակիցներուն: Սրբազան հայրը արժեւորեց հայ քրիստոնէական եկեղեցւոյ տօներն ու ծիսակատարութիւնները, շարականները, 9 ժամերգութիւնները եւ 7 խորհուրդները:

Էքիւմենիք աղօթքին մասնակից եկեղեցիները հանդէս եկան ներման, ապաշխարութեան եւ գթութեան աղօթքներով, որոնք շեշտեցին, թէ ինչպէս անհնար է Քրիստոսը մասնատել, նոյնպէս ալ անհնար է քրիստոնեաները բաժանել:

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան
Նախարարութեան Պատուիրակութեան
Այցելութիւնը Թիֆլիսի Հայոց Եկեղեցի

HAYARDOUNՎրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հրաւէրով պաշտօնական այցով Թիֆլիսի մէջ գտնուող Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 1 փետրուարին այցելեց վիրահայոց թեմի Ս. Էջմիածին եկեղեցի: Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ թեմի կրթական բաժնի պատասխանատու Եւգենիա Մարկոսեան, ներկայացնելով «Սուրբ Մովսես Խորենացի» նախակրթարանը շեշտեց կարեւորութիւնը մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան եւ զանոնք հայկական վարժարան ուղղելու նպատակին:                                                                                                              Արմէն Աշոտեան եւ պատուիրակութեան անդամները այցելեցին կեդրոնի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի անուան շաբաթօրեայ դպրոցը, ներկայ գտնուեցան հայագիտութեան դասին:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը խօսեցան թիֆլիսահայ համայնքի հայալեզու դպրոցներու, հայեցի դաստիարակութեան, աշակերտութեան թիւի  նուազումին, հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաւանդման եւ այլ հարցերու մասին: Նախարար Արմէն Աշոտեան անդրադարձաւ Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին, ուր քննարկուած են հայ-վրացական երկկողմ կրթական ծրագիրներ իրականացնելու, միացեալ միջազգային ծրագիրներուն մասնակցելու հնարաւորութիւնները:

 

Իտալիա

Հայկական Մշակոյթի Եւ Բարեկամութեան Օր

italyՎերջերս Իտալիոյ Լեչչէ  քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի եւ բարեկամութեան օր» ձեռնարկը:

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը, Հայաստանի տնտեսական հնարաւորութիւնները, հայ-իտալական պատմական առնչութիւնները եւ հայ համայնքի բազմադարեայ դերը Փուկլիա նահանգին մէջ:

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան ձեռնարկը բնութագրեց որպէս «միջմշակութային բացառիկ օր եւ երկու հարուստ մշակոյթներու եւ աւանդոյթներու հանդիպում: Ան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ բարեկամական յարաբերութիւններուն,  խօսեցաւ Փուկլիա նահանգին մէջ բնակող հայ համայնքի մասին:

Եւրո-միջերկրածովեան մշակութային ժառանգութեան գործակալութեան տնօրէն Մարթինա Մաուրօ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Իտալիոյ հարաւային նահանգին մէջ հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու դարաւոր սերտ կապերուն:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Իտալիոյ մէջ հայ համայնքի ղեկավար փրոֆ. Պայքար Սիվազլիեան եւ փրոֆ Ատրիանա Փոլի Պորթոնէ:

Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ նաեւ  լուսանկարիչ Կարէն Կոկչիեանի` Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերու եւ մշակութային յուշարձաններու նկարները:

Նշենք, որ դեսպան Ղազարեան հանդիպում ունեցաւ  նաեւ Լեչչէի քաղաքապետին եւ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահին հետ, եւ որոշուեցաւ, որ այս տարուան ընթացքին պիտի այցելէ Հայաստան` համատեղ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներու շուրջ քննարկումներ կատարելու նպատակով: Հանդիպումի ընթացքին դեսպանը տեղեկացաւ, որ 2014-15 ուսումնական տարեշրջանին Լեչչէի աւագ դպրոցներուն մէջ  կազմակերպուած են իտալահայ հանրայայտ արձակագիր Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» վէպին հանրային ընթերցումներ:

 

 

Միացեալ Նահանգներ

Սալբի  Ագարակեան Գնահատանքի
Կ‘արժանանայ

salpiՆախաձեռնութեամբ  «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին, 27 յունուարին համալսարանի  համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի տնօրէն Սալբի Ագարակեան գնահատանքի  արժանացաւ իբրեւ 2013 տարուան լաւագոյն  կամաւորը: Գնահատագիրը  յատկապէս նկատի  ունեցած է Սալբի  Ագարակեանին նուիրեալ  ծառայութիւնը` Հայաստանի  մանուկներուն:

Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, Գարեգին  քհնյ. Պետուրեան ներկայ  եղաւ  ձեռնարկին եւ  փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին գնահատանքը` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան  անդամներէն  տոքթ. Նաւասարդ Գազազեանի:

 

Քանատա

Դեսպան Եկանեանի Հանդիպումը
Քանատայի Ներգաղթի Եւ Քաղաքացիութեան
Հարցերու Նախարարին Հետ

yeganianՓետրուարի 5-ին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան հանդիպում ունեցաւ Քանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերու նախարար Քրիս Ալեքսանտրի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը եւ շեշտեցին փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը` որպէս անոնց զարգացման խթան:

 

Share this Article
CATEGORIES