Ալցայմըրի Հիւանդութիւն

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ալցայմըր հիւանդութիւնը տարեցներու մօտ պատահած մոռացկոտութիւնն է: Անիկա ծերութեան մէջ պատահած ընդհանուր մոռացկոտութեան մէկ տարբերակն է: Այս հիւանդութիւնը հայերէնով` կարելի կը կոչել «մոռացախտ»: Ալցայմըրի հիւանդութիւնը կը յատկանշուի ուղեղի հիւսկէններուն մէջ beta amyloid բնասպիտ (փրոթէին) պարունակող ուղեղային կոյտերու յառաջացումով եւ այլ տեսակ բնասպիտներէ կազմուած թելերու կոյտերով: Այս բնասպիտներու կուտակումը ուղեղին մէջ բնական երեւոյթ է տարեցութեան  պատճառով, սակայն անոնց բնականէն աւելի կուտակումը կը յառաջացնէ Ալցայմըրի հիւանդութիւնը: Այս կոյտերու անբնական գոյութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ներուղեղային հաղորդակցութեան, ուստի բջիջներուն միջեւ կապերը կը խախտին, եւ այդ պատճառով ենթական կ՛ունենայ մոռացկոտութիւն, որուն պատճառով ալ` գործելու անկարողութիւն:

Ալցայմըրի հիւանդութիւնը տղամարդոց մօտ աւելի տեսնուած հիւանդութիւն մըն է, քան` կիներու մօտ, որովհետեւ կիները աւելի երկարակեաց են եւ դաշտանադադարով անոնք կը կորսնցնեն որոշ քանակութեամբ estrogen ներազդակը, որ կը կարծուի, թէ կը պաշտպանէ կիները ալցայմըրի հիւանդութենէն: Տեսնուած է, որ կարգ մը տարեցներ որոշ պատճառներով աւելի հակամէտ են ունենալու Ալցայմըրի հիւանդութիւնը. այդ պատճառներէն կարելի է յիշել` գանկային եւ ուղեղային

հարուած-վնասումը, արեան գերճնշումը, ուղեղային կաթուածը, տկար եւ վատ սննդականոնը, ինչպէս նաեւ` արեան քոլեսթերոլի բարձրացումը:

Ալցայմըրի հիւանդութեան հիմնական ախտանշանն է չափազանց մոռացկոտութիւնը,  մանաւանդ` մօտաւոր անցեալի հարցերուն: Անոր կ՛ուղեկցին նաեւ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` շարունակական եւ կրկնովի հարցումներու տեղատարափ, անխախտելի համոզումներ եւ գաղափարներ, սխալ եւ անտեղի զգացողութիւններ, ինչպէս` անհաճոյ եւ անբնական հոտառութիւն, ինչպէս նաեւ` կենցաղային որոշ փոփոխութիւններ:

Ալցայմըրի հիւանդութեան ախտաճանաչումը դիւրին է, որովհետեւ անիկա բացայայտ երեւոյթ մըն է: Ներկայացող հիւանդը պիտի ըլլայ տարեց անձ մը, որ մոռացկոտութենէ կը գանգատի. յաճախ հիւանդը չէ, որ կը գանգատի, այլ անոր շուրջ գտնուողներն են, որոնք կը գանգատին անոր չափազանց մոռացկոտութենէն եւ անոր ուղեկցող այլ ախտանշաններէն: Ալցայմըրի հիւանդութեան մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ, բժշկական արդիական յատուկ միջոցառումներով, օրինակ` Advanced positron emission tomography scan-ով, կարելի է յայտնաբերել ուղեղային beta ameloid կոյտերը:

Ալցայմըրի հիւանդութիւնը ներկայիս վերջնական ու հիմնական դարման չունի. սակայն որոշ դեղեր մասամբ մը կ՛օգնեն եւ կը նուազեցեն հիւանդին մոռացկոտութիւնը: Բժկական մեծ կեդրոններու մէջ հսկայական աշխատանք կը տարուի այս հիւանդութեան դարմանը գտնելու համար: Այս աշխատանքներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.

Ա. Գիտնականներ կը փորձեն գտնել պատուաստ մը` beta ameloid բնասպիտ կոյտերուն դէմ:

Բ. Կարգ մը բժշկական կեդրոններու մէջ estrogen ներազդակը (հորմոնը) կը կիրարկուի իբրեւ փորձառական միջոցառում.

Գ. Ցօղունային բջիջներու (stem cell) օգտագործումը` իբրեւ դարմանամիջոց.

Դ. Ameloid-ի դէմ պայքարող նոր դեղերու պրպտում.

Փաստուած է որ իմացականօրէն աշխուժ տարեցներ աւելի նուազ հաւանականութիւն ունին զարգացնելու իրենց մէջ այս հիւանդութիւնը. հետեւաբար, որպէսզի ուղեղը աշխուժ, արթուն եւ արտադրող մնայ, տարեցները ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն հետեւեալ թելադրութիւններուն.

Ա. Ունենալ տարիքի համապատասխան առողջ սիրտ եւ գործունէութիւն, որ կ՛իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով.

ա. Ծխախոտ չգործածելով.

բ. Չգիրնալով, իսկ գէրերու պարագային` նիհարնալով.

գ. Ունենալով բնական արեան ճնշում, քոլեսթերոլ, թրիկլիսերիտ.

դ. Հետեւելով առողջ սննդականոնի, ուտելով առատ պտուղ, կանաչեղէն եւ առողջապահական սննդանիւթեր` հարուստ բնաթելերով (վիպր) եւ «օմեկա 3»-ով.

ե. Քիչ ճարպային կերակուրներ սպառելով.

զ. Հետեւելով ամէնօրեայ մարզանքի.

է. Զբօսնելով մաքուր միջավայրի մէջ.

 

Բ. Լաւ եւ բաւարար քնանալ.

Գ. Ունենալ ընկերային կեանք եւ ժամանց.

Դ. Կատարել միտքի մարզանք` կարդալ, գրել եւ նոր լեզու սորվիլ.

Ե. Ներկայ գտնուիլ զանազան տեսակի մշակութային ձեռնարկներու.

Զ. Այցելել թանգարաններ եւ հանրային պարտէզներ.

 

Մոնրէալ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )