«Յուսաբեր»-ի Հիմնադրութեան 100-ամեակ Եւ Այս Առիթով Կազմակերպուած Եգիպտահայ Մամուլի Ցուցահանդէսը
Ս.Ն.Պ.
Հայ պարբերական մամուլի տարեգրութեան 220-ամեայ (1794-2014) պատուաբեր պատմութիւնը յիշարժան իր կնիքը դրոշմած է համաշխարհային լրագրութեան անդաստանին մէջ:
Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հայ մամուլի նախակարապետ «Ազդարար»-ի 1794-ին հրատարակութենէն 70 տարիներ ետք, Գահիրէի մէջ 1865-ին լոյս կը տեսնէր եգիպտահայ առաջին պարբերական «Արմաւենի» երկշաբաթաթերթը` երախտաշատ Աբրահամ Մուրատեանի խմբագրութեամբ:
Անցնող շուրջ 150 տարիներուն ընթացքին հայ գիրին ու մշակոյթին անմնացորդ կերպով նուիրաբերած բազմատասնեակ մշակներ Եգիպտոսի մէջ խմբագրած եւ հրատարակած են աւելի քան 165 պարբերականներ` իրենց այլազան բնոյթով եւ տեւողութեամբ: Գահիրէի եւ Աղեքսան-դրիոյ մէջ լոյս տեսած հայ մամուլը ընդգրկած է ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ տարբեր գլխաւոր մարզերու ուղղութիւններ` գոհացում տալով ժամանակի հայ ընթերցողին եւ հայ իրականութեան իրադարձութիւններով հետաքրքիր զանգուածներուն:
Պարբերականութեամբ լոյս տեսած եգիպտահայ մամուլը դիմակալած է դժուարութիւններ, որոնք կաշկանդած են անոր յարատեւութիւնը` հրատարակութեան կեանքը բնորոշելով «կարճատեւութեամբ»:
Շատ քիչ է տասնամեակ մը կամ երկու յարատեւող պարբերականներու թիւը, որոնց կողքին` անսահման զոհողութիւններով իրենց գոյատեւումը երաշխաւորած եւ մեր օրերու եգիպտահայ մամուլի պատուաբեր պատուանդանին վրայ կանգնած են իրենց հարիւրամեակը բոլորելու սեմին գտնուող մամուլի միաւորներ:
Այսպէս, 2013-ը կը զուգադիպի եգիպտահայ մամուլի երիցագոյն անդամին` «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»-ի 100-ամեակին:
Թերթին հիմնադիրը եղած է իրաւաբան Արմենակ Մէօթէմէտեան, իսկ առաջին խմբագիրը` բազմերախտ հրապարակագիր Սուրէն Պարթեւեան: «Յուսաբեր» իր Ա. շրջանը բոլորած է երկօրեայ դրութեամբ շաբաթ 8 փետրուար 1913-էն մարտ 1915: Անոր «Նոր շրջան»-ը սկսած է 30 մարտ 1915-ին` տէր եւ տնօրէն ունենալով եռանդուն հասարակական գործիչ Աւետիք Լալայեանցը: «Յուսաբեր» 1915-1926 շարունակած է ըլլալ երկօրեայ, իսկ 1926-էն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր լոյս կը տեսնէ իբրեւ օրաթերթ:
Յոբելենական այս առիթով, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան» նախաձեռնութեամբ, շաբաթ 14 դեկտեմբեր 2013-ին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ եգիպտահայ մամուլի ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ` ոգեկոչումը կատարելու համար սփիւռքահայ մամուլի վաստակաւոր այս միաւորին հարիւրամեակին:
Ձեռնարկը կը վայելէր եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի հովանաւորութիւնը, իսկ պատուոյ հիւրն էր Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան:
Հովանաւոր սրբազան հօր եւ հիւր դեսպանին կողքին, ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետներ Նուպար Սիմոնեան եւ Օննիկ Պըլըքտանեան, «Յուսաբեր»-ի շրջանակի ներկայացուցիչ Պետրոս Մխտիկեան եւ մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ տոքթ. Սուրէն Պայրամեան: Ներկայ էին Հայաստանի ներկայացուցչութեան Հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեան եւ Գահիրէի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան:
Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուեցին Գահիրէի Ազգային իշխանութեան անդամ երեսփոխաններ, եգիպտահայ մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական եւ մամլոյ կառոյցներու ատենապետներ, վարչական ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով մշակութասէր ու հայ մամուլին առաքելութիւնը գնահատող ազգայիններ:
Շնորհաւորական ծաղկեկողովներ ղրկած էին «Յուսաբեր» ակումբի, Հայ Կ. Խաչի եւ ՀՄԸՄ-«Արարատ»-ի վարչութիւնները:
Մուտք գործող հիւրերուն առաջին առիթով տրամադրուեցաւ 24 էջերէ բաղկացած գեղատիպ պրակ մը «Յուսաբեր»-ի մասին պատմական տուեալներու եւ անոր հրատարակութեան համար գործած դէմքերու լուսանկարներու բովանդակութեամբ: Տրուեցան նաեւ այս առթիւ պատրաստուած յատուկ «Էջադիր»-ներ` «Յուսաբեր 100» գրութեամբ:
Ցուցասրահին հանդիպակաց բեմի բաժնին մէջ պարզուած էր «ՅՈՒՍԱԲԵՐ 100» մեծադիր ցուցանակը, որուն յառաջամասին տեղադրուած էին «Յուսաբեր»-ի հիմնադրութեան Ա. շրջան 1913-ի եւ Նոր շրջան 1915-ի առաջին թիւերով կազմուած տարեկան հաւաքածոները: Գեղեցիկ դասաւորումով տեղադրուած սեղաններու վրայ ցուցադրուած էին զանազան առիթներով լոյս ընծայուած «Յուսաբեր»-ի համարներ եւ բացառիկներու նմոյշներ, որոնց կեդրոնը տեղադրուած էր «Յուսաբեր»-ի հիմնադիրին, արտօնատէրներուն, իրարայաջորդ խմբագիրներուն եւ մեր օրերու գրաշարներուն նկարները:
Հանդիսասրահին շրջապատին տեղադրուած սեղաններուն վրայ ժամանակագրական կարգով ցուցադրուած էին եգիպտահայ մամուլի աւելի քան 120 նմուշներ` հրատարակութեան թուականի եւ յարակից բացատրական տուեալներու պիտակներով: 1865-էն սկսեալ եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն լոյս տեսած պարբերականներ` «Արմաւենի», «Փարոս», «Նոր Կեանք», Արշալոյս», «Մտրակ», «Շիրակ», «Լուսաբեր», «Լուսաբեր-Արեւ», «Արեւ», «Հոսանք» եւ այլ նմուշներ կը տողանցէին այցելուներու հետաքրքիր աչքերուն առջեւ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց ընկերակցութեան ատենադպրուհի Արտա Զոհրապեան-Մէլէմէթճեան: Ան ողջունելով բոլոր ներկաները` կարդաց հայ մամուլին նուիրուած ներբողական գրութիւն մը` «Հայ թերթը մեր հացն է, հայկական ամրոց է, դպրոց, լեզուի աղբիւր, մշակոյթ, պատմութիւն է հայ մամուլը» նշանախօսքով եւ հրաւիրեց «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը ոգեկոչման ձեռնարկին առիթով իր խօսքը արտասանելու: Ս. Պայրամեան առաջին առթիւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն, որոնք յղուած հրաւէրին ընդառաջ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եկած էին եգիպտահայ մամուլի յարատեւութեան:
Ան անդրադարձաւ մամուլի դերին ու առաքելութեան եւ ոգեկոչեց «Յուսաբեր»-ի հարիւրամեայ հրատարակութեան ներդրում կատարած մամուլի գործիչներու յիշատակը` յաջողութիւն մաղթելով անոնց ուղիով ընթացք առած նորահաս նուիրեալներու գիտակից աշխատանքներուն: Ան կոչ ուղղեց «հայ թերթը ընկերն է հայ տան» սկզբունքով ընթերցասիրութիւնը քաջալերել նոր սերունդին մօտ, մամուլի էջերով նաեւ անոնց հաղորդակից դարձնելու համար հայ ժողովուրդի մերօրեայ գոյապայքարին: Ան գոհունակութեամբ ողջունեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի «Յուսաբեր»-ի 100-ամեակին առիթով յղած «Ողջոյնի գիր»-ը եւ հրաւիրեց դեսպան Արմէն Մելքոնեանը` իր խօսքը ըսելու եւ նախարարուհիին Շնորհաւորագիրը ներկայացնելու համար:
Դեսպան Մելքոնեան շնորհաւորելով` իր գոհունակութիւնը յայտնեց «Յուսաբեր»-ի 100-ի նշումին, շեշտելով, թէ անոր յարատեւութիւնը ցուցանիշ է պարտականութեան եւ ակնկալութիւններու հանդէպ անոր պատասխանատուներուն գիտակցութեան: Հայ թերթը ազգային արժէք է եւ մեր մշակոյթին ու պատմութեան հատուածը, «Յուսաբեր»-ը մասնիկն է եգիպտահայ տարեգրութեան եւ մշակոյթին, հաստատեց դեսպանը` գնահատելով թերթին շարունակականութեանը նպաստողներուն աշխատանքը եւ ընթերցողներուն քաջալերանքը: Ապա` ան կարդաց «Յուսաբեր»-ի խմբագրին եւ պատասխանատուներուն յղուած «Ողջոյնի խօսք»-ը:
«Յուսաբեր»-ի խմբագիր Զաւէն Հ. Լիյլոզեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին «Ողջոյնի խօսք»-ին եւ յարգարժան դեսպանի շնորհաւորական ելոյթին համար: Ան կարեւոր նկատեց գոյատեւման խնդիրը եւ այդ ուղղութեամբ` ներկան կազմակերպելու, երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ վաղուան համար գործելու անհրաժեշտութիւնը, բոլորին գործակցութեամբ աշխատանք տանելու կոչ ուղղեց ներկաներուն:
«Ջահակիր» շաբաթաթերթին կողմէ ելոյթ ունեցաւ անոր պատասխանատու տնօրէն եւ խմբագիր Մարտիրոս Պալայեան, «Կ՛ողջունենք «Յուսաբեր»-ի 100-ամեայ յոբելեանը` մաղթելով անոր գոյատեւումը իր նուիրական առաքելութեան մէջ». (կողքի սիւնակով` «Սրտի Խօսք»-ը):
Սօսէ Կրպոյեան-Պայրամեան կարդաց նախկին եգիպտահայ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Յուսաբեր»-ի 100-ամեակին առիթով Մոնրէալէն ղրկած «Շնորհաւորական գիր»-ը, որուն մէջ «Յուսաբեր»-ի հետ իր ունեցած գործակցութեան անցեալի յիշատակներէն երկու դրուագներ վերյիշելէ ետք կ՛ըսէր. «Այսօր ալ միշտ հպարտ եմ, որ մաս կազմած եմ ու տակաւին կը կազմեմ «Յուսաբեր»-ի մեծ ընտանիքին: Կը շնորհաւորեմ հարիւրամեայ երիտասարդ մեր թերթը»:
Ապա, իրենց երկարամեայ վաստակին եւ նուիրաբերումին առ ի երախտագիտութիւն, «Շնորհակալութեան յիշատակագիր»-ներով բիւրեղ-ապակեայ յուշանուէրներ յանձնուեցան «Յուսաբեր»-ի հրատարակութեան բազմամեայ պատասխանատու Պետրոս Մխտիկեանին, խմբագիր Զաւէն Հ. Լիյլոզեանին եւ գրաշարներ Յովհաննէս եւ Սարգիս** Մասմանեան եղբայրներուն, ձեռամբ Մնացականեան սրբազանի, դեսպան Մելքոնեանի եւ Ս. Պայրամեանի: Ցուցահանդէսին ներկայ հիւրերն ու հասարակութիւնը ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին մամուլի այս նուիրեալներուն: (** բացակայութեան պատճառով, Յուշանուէրը ստանձնեց իր եղբայրը` Միհրան) Յոբելենական այս հանդիսութեան առիթով, իր պատգամը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Աշոտ սրբազան:
Ողջունելով «Յուսաբեր»-ի հարիւրամեայ յոբելեանը` Աշոտ սրբազան առաջին առիթով վեր առաւ թերթին հիմնադիր եւ անոր յաջորդող սերունդներուն անմնացորդ նուիրաբերումը, որոնք երաշխիքը հանդիսացան «Յուսաբեր»-ի յարատեւութեան, եւ թէ այսօր մերօրեայ սերունդը նոյն գիտակցութեամբ, գաղափարին ծառայելու հաւատքով եւ առանց ընկրկումի պարտի շարունակել իրեն փոխանցուած ժառանգն ու աւանդը ի փառս հայ մշակոյթին եւ պատմութեան: «Ներկայի իրադարձութիւններուն ընդառաջ, աւելցուց պատգամաբեր սրբազանը`- շատ ծանր են մեր պարտականութիւնները, քան` մեր նախորդները, անոնք հաստատեցին եւ մեզի փոխանցեցին կառոյցներ, որոնց պահպանումը համոզումի եւ նուիրումի կարիքը ունին, պարտինք ձեռք-ձեռքի տուած` օգնել գործը տանողներուն, ծրագիրներ յղանալով եւ անոնց կազմակերպութեանը աջակցելով վառ պահելու համար եգիպտահայ հաստատութիւնները իրենց բարենպատակ աշխատանքներով»:
Շնորհաւորելով հանդիսութեան կազմակերպիչներուն աշխատանքը` Աստուծոյ պարգեւելի շէնութեան մաղթանքներով եզրափակեց սրբազան հայրը իր խօսքը:
Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` անոր խրախուսական առաջադրանքներուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ ցուցահանդէսին կազմակերպիչ յանձնախումբին` անվերապահ գործակցութեան համար:
Ձեռնարկի տեւողութեան ներկաները հիւրասիրուեցան գինիի եւ համադամներու սպասարկութեամբ:
Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարիւրամեակի կարկանդակի հատումը` մասնակցութեամբ հովանաւոր սրբազան հօր, դեսպան Մելքոնեանի, Ազգային իշխանութեան ատենապետներուն եւ օրուան մեծարեալներուն:
Գոհունակութեամբ արձանագրելի է «Յուսաբեր երիտասարդաց յանձնախումբ»-ի երկսեռ անդամներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին եւ օժանդակութիւնը` անոր կազմակերպութեան:
Հանդիսութեան տեւողութեան մեծ պաստառի վրայ «Յուսաբեր»-ի հրատարակութեան երախտաւորներու մեծադիր նկարներուն եւ մամուլի զանազան համարներու պատճէններու ցուցադրութիւնը, երաժշտութեան մատուցումը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին նկարահանումն ու տեսերիզով արձանագրութիւնը կատարեցին Արա եւ Օհան Ճանիկեան եղբայրները:
«Յուսաբեր»-ի 100-ամեակին նուիրուած պատշաճ այս ոգեկոչումն ու եգիպտահայ մամուլի ցուցահանդէսը փառապսակ կը հանդիսանան զայն նախաձեռնող մշակութային ընկերակցութեան, կազմակերպող յանձնախումբին, մշակութասէր եւ հայ մամուլի առաքելութեանը հաւատացող եգիպտահայ աննման հասարակութեան:
Փառք, պատիւ եւ վարձքը կատար բոլորին:
———————————————————-
Եգիպտահայ Մամուլի Ցուցահանդէսի
Կազմակերպիչ Յանձնախումբի Անդամներ
Զոհրապեան Արտա
Յովակիմեան Յարօ
Կրպոյեան Սօսէ
Յովակիմեան Պերճ
Մազլումեան Գարոլին
Պայրամեան տոքթ.Սուրէն
Յովակիմեան Շաքէ
Պոհճալեան Մանուկ
Պայրամեան Սոնիա
Քէօհնէլեան տոքթ. Լորիս

