Լիբանան Ապրեցաւ Ապահովական Իրագործումներու Օր Մը

Ձերբակալեալ ահաբեկիչ Նայիմ Ապպաս
Լիբանան երէկ ապրեցաւ արտասովոր օր մը` շնորհիւ բանակին եւ անոր գաղտնի սպասարկութեան տարած բացառիկ աշխատանքին, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ճամբուն վրայ կը նկատուի նուաճում:
Լիբանանը երէկ փրկուեցաւ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումներէն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ահաբեկչութիւններէ, որոնք բացայայտուեցան բանակին կողմէ:
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, որ իր գաղտնի սպասարկութիւնը Մազրաայի մէջ ձերբակալած է Ապտալլա Ազզամ փաղանգներու պատասխանատուներէն պաղեստինեան ինքնութիւն կրող Նայիմ Ապպասը:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակը որոշ ատենէ ի վեր կը հետեւի Ապպասի` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ ան դերակատարութիւն ունի ականուած ինքնաշարժները պատրաստելու ահաբեկչական աշխատանքին եւ պայթումներուն ծրագրաւորումին մէջ:
«Նայիմ Ապպաս բանակին կողմէ մանրազնին հետապնդումի ենթարկուած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն դուրս գալէն ետք, մինչեւ որ երէկ առաւօտեան կարելի եղած է ձերբակալել զայն եւ անմիջապէս սկսիլ անոր հարցաքննութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակը հաստատեց նաեւ, որ Ապպաս խոստովանած է, որ ինք ականուած ինքնաշարժներ կը պատրաստէ` աւելցնելով, որ արդէն իսկ բացայայտուած է ականուած ինքնաշարժ մը, որ կը գտնուի Քոռնիշ Մազրաայի մէջ:
Բանակի սակրաւորները փութացին նշուած վայրը, փակեցին ճամբաները եւ բացայայտեցին «Թոյոթա – Ռաւ 4» տիպի ականուած ինքնաշարժը: Բանակի սակրաւորներուն ջանքերով կարելի եղաւ վնասազերծել ականուած ինքնաշարժը, որ կը պարունակէր հարիւր քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, ականուած գօտիներ, ռումբեր եւ հրթիռներ:
Աւելի ուշ բացայայտուեցաւ նաեւ, որ այդ ինքնաշարժը պայթելու համար պիտի ուղղուէր Ղպէյրի:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը գրաւեց նաեւ ականուած երկրորդ ինքնաշարժ մը, որ սուրիական Եապրուտ շրջանէն կ՛ուղղուէր լիբանանեան հողեր եւ ապա Պէյրութ:
«Արծաթագոյն «Քիա» տիպի ականուած ինքնաշարժին մէջ կը գտնուէին իգական սեռի երեք ներկայացուցիչներ, որոնք ինքնաշարժը պիտի յանձնէին անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն: Ինքնաշարժը ականուած էր 104 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի»-ով», նշուեցաւ բանակին հաղորդագրութեան մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ ինքնաշարժը գրաւուած է եւ վնասազերծուած Լապուէի մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ապպաս խոստովանած է, թէ կան ականուած ինքնաշարժներու այլ թաքստոցներ, որոնք բանակին կողմէ ներխուժումի ենթարկուեցան. Ապպասի խոստովանութիւնները կը փաստեն, թէ ինք առնչուած է վերջին հանգրուանին արձանագրուած պայթումներուն հետ:
Նշենք, որ Ապպաս իր կարգին ականուած ինքնաշարժներ ստացած էր Օմար Աթրաշէն, որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ ձերբակալուած էր եւ ամբաստանուած ահաբեկչութեան յանցանքով:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր պահանջեց անմիջապէս հետաքննութիւն բանալ Քոռնիշ Մազրաայի եւ Լապուէ-Արսալ ճամբուն վրայ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժներուն մասին:
Կէսօրէ ետք բանակը ներխուժումներ կատարեց նաեւ Սաատիյաթի մէջ, ուր խուզարկումներ կատարեց եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ փնտռեց:
Ապպասի խոստովանութիւններուն հիման վրայ բանակը Սաատիյաթի մէջ գտնուող պահեստանոցի մը մէջ գրաւեց 107 միլլիմեթր տրամագիծով ռումբեր, պայթուցիկ նիւթեր, ականներ պատրաստելու յատուկ նիւթեր եւ իրեր, կեղծուած անձնաթուղթեր եւ զանոնք կեղծելու յատուկ կնիքներ:
Իքլիմ Խարրուպի Տըպպիէ գիւղաքաղաքին մէջ բանակը գրաւեց չորս հրթիռներ, որոնք լարուած էին եւ պատրաստ` արձակուելու դէպի Պէյրութի հարաւային արուարձաններ:
Ականուած ինքնաշարժի մը փնտռտուքը կատարուեցաւ նաեւ Պըրժ Ապի Հայտարի մէջ:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ ձերբակալեալ յանցագործին հարցաքննութիւնը պիտի շարունակուի:
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ Նայիմ Ապպաս կռուած է նահատակ զօր. Ֆրանսուա Հաժի դէմ` պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանի բախումներուն ընթացքին: Կան նաեւ որոշ կասկածներ, թէ ան մեղսակցած է Ֆրանսուա Հաժի սպանութեան:
Նայիմ Ապպաս Այն Հելուէի բնակիչ է եւ վտանգաւոր անձ մը` նկատի ունենալով իր ծայրայեղութիւնները: Ան մօտիկ եղած է «Ֆաթհ իսլամ» խմբաւորումին եւ անոր պատասխանատուներուն` Ապտել Ռահման Աուատի, Ուսամա Շեհապիի, Մոհամետ Տուխիի, Եուսեֆ Շապայթայի եւ Թուֆիք Թահայի, որ ապահովութեան ուժերուն համաձայն Քայիտայի անդամ է:
Միւս կողմէ, Ապտալլա Ազզամ փաղանգները «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն հերքեցին, թէ իրենց պատասխանատուներէն մէկը ձերբակալուած է` աւելցնելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած նման լուրեր կեղծ հերոսութիւններ կերտելու ձախող փորձեր են:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը` ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպող յանցագործ Նայիմ Ապպասի ձերբակալումին, ինչպէս նաեւ ականուած ինքնաշարժներու բացայայտումին եւ անոնց վնասազերծումին առիթով:
Նախագահ Սլէյման ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց բանակին ու ապահովութեան ուժերուն եւ դրուատեց բանակին կողմէ ահաբեկչական ցանցերը բացայայտելու իրագործումները, որոնք դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան քաղաքացիներուն վրայ եւ կ՛ամրապնդեն քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ ահաբեկիչներուն դէմ արշաւը շարունակուի:
Ան Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելի հետ, որմէ իմացաւ ահաբեկչական այս բջիջները բացայայտելու ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շնորհաւորեց բանակը` ապահովական այս տեսակարար գործողութեան առիթով:
Միքաթի ողջունեց Նայիմ Ապպասի նման ահաբեկիչներուն ձերբակալումն ու պայթումներ գործելու նպատակով պատրաստուած ականուած ինքնաշարժներուն բացայայտումը:
«Բանակը դարձեալ փաստեց, որ երկրին ապահովական միւս ուժերուն հետ գործակցաբար երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան հսկող արթուն աչքն է: Բանակն է, որ կարողութիւնը ունի երկիրը պահպանելու` անոր դէմ նիւթուող դաւադրութիւններէն: Այսօրուան իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան պէտք է զգաստ մնայ եւ ապահովական կառոյցները իրարու միջեւ պէտք է գործակցին` պահպանելու համար երկիրը», շեշտեց Միքաթի:
Նշենք, որ Միքաթի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ քննարկած էր բանակին կատարած ապահովական նուաճումին մանրամասնութիւնները:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ դրուատեց բանակին իրագործած նուաճումը` շեշտելով, որ նման աշխատանք արժանի է խոր յարգանքի:
«Բանակին այս իրագործումը կը հանգստացնէ լիբանանցիները եւ ցոյց կու տայ բանակին կարողութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու», ըսաւ Սալամ:
Ան ընդգծեց բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ` բարձր գնահատելով բանակին ապահովական իրագործումը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է կանխարգիլել լիբանանցիները եւ ամբողջ Լիբանանը թիրախ դարձնող ահաբեկչական գործողութիւնները:
«Հետեւաբար, Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած զգայուն այս հանգրուանին ընթացքին անհրաժեշտ է ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին ամբողջ վստահութիւնը տրամադրել, որպէսզի ան կարենայ իր պարտականութիւնը ամբողջական ձեւով կատարել», ըսաւ Հարիրի:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն ողջունեց բանակին իրերայաջորդ նուաճումները` շեշտելով, որ ահաբեկչական այդ գործողութիւններուն ձախողեցումը փրկած է երկիրը:
«Բանակին աշխատանքը հսկայ է եւ գետնի վրայ կը փաստէ, թէ ան է երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորողը: Հետեւաբար, մերթ ընդ մերթ բանակին դէմ կատարուող ցեխարձակումները եւ բանակին դէմ յարձակումները պէտք է վերջ գտնեն, որովհետեւ բանակը ազգային միակ կառոյցն է, որ կը վայելէ լիբանանցիներուն համախոհութիւնը, զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը», ըսաւ Ղոսըն:
Ան կոչ ուղղեց զգայուն այս հանգրուանին օժանդակելու բանակին, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը վտանգաւոր է եւ բանակին ուսերուն զետեղուած պարտականութիւնը ծանր է ու կարիք ունի արտակարգ ջանքերու:
Ղոսըն շնորհաւորեց բանակն ու գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը Լիբանանի մէջ զինք ընդունող միջավայր մը պիտի չկարենայ գտնել, որովհետեւ լիբանանցիները կ՛ապրին ազգային միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ բանակին երէկուան աշխատանքը կը նկատուի հսկայ նուաճում մը, որովհետեւ ան կրցած է կանխարգիլել ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք թիրախ կը դարձնեն լիբանանեան տարբեր շրջաններ: Ան նշեց, որ բանակին այս իրագործումով Լիբանանը փրկուած է մեծ աղէտէ մը:
Հըզպալլա երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն իրենց ամբողջ կարողութիւնները զետեղելու բանակին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան կարենայ շարունակել ահաբեկիչներուն դէմ իր պայքարը:
Հըզպալլա ողջունեց բանակի հրամանատարութեան, սպաներուն եւ զինուորներուն կողմէ Լիբանանը թիրախ դարձնող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու արի կեցուածքը:

