Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Հերթական Նիստը

HranushԵրէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբի հերթական նիստը:

«Սուրիահայութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին» զեկուցումով հանդէս եկաւ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադառնալով սուրիահայերու մշակութային համարկումի հարցերուն` կարեւոր նկատեց մասնագիտական օգնութիւնը նորաստեղծ «Կռունկ», «Շառաւիղ» եւ «Կարօտ» երգչախումբերուն, քանի որ անոնց շուրջ կը համախմբուի սուրիահայութիւնը: Նախարարը ընդգծեց նաեւ տաղանդաւոր երիտասարդները գտնելու եւ անոնց օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը: «Շատ կարեւոր է աշխատանքը երիտասարդութեան շրջագիծին մէջ: Շնորհալի, տաղանդաւոր երիտասարդներուն պէտք է օգնել, ինքնադրսեւորման կարելիութիւն ընձեռել», ըսաւ նախարար Յակոբեան:

«Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ հայ համայնքի խնդիրներուն մասին» զեկուցեց արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Մանասարեան:

Այնուհետեւ ներկայացուեցան «Սուրիահայերուն մօտ բարեգործական կառոյցներուն կողմէ իրականացուած ծրագիրները»: Զեկուցումներով հանդէս եկան «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան, Հայկական Կարմիր խաչի ներկայացուցիչ Աննա Եղիազարեան եւ «Արմինիըն Լայթհաուս» բարեգործական հիմնադրամի անդամ Նայիրա Մուրատեան:

Եզրափակելով նիստը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն եւ նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն կատարուած աշխատանքին համար եւ նախանշեց հետագայ ընելիքներն ու ծրագիրները:

Share this Article
CATEGORIES